2009-06-09 13:50:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին խօսքը Վենեզուելլայի եպիսկոպոսներուն. ՜՜ Ձեր երկրին կացութիւնը դժուար է, միասնաբար դիմագրաւեցէք զայն եւ բնակչութեան մէջ ամրապնդեցէք Աւետարանի ցուցմունքները՝՝։


Վենեզուելլայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, 1-18 Յունիս 2009, հնգամեայ կանոնական այցելութիւն կը կատարէ Ս. Պետրոսի Յաջորդին։ Երկուշաբթի օրը Նորին սրբութիւնը խօսք մը ուղղեց առաջին խումբի 42 եպիսկոպոսներուն, քաջալերելով զանոնք՝ նպաստելու երկրին ընկերային կայունութեան ու ներդաշնակութեան։ Նոյնպէս խրախուսեց եպիսկոպոսները քաջալերելու՝ իրենց քահանաները որ աւելի եռանդով աշխատին եկեղեցւոյ պայծառութեան համար եւ ողջունեց անոնց յանձնառումը ՜՜Աւետարանի լոյսը ծաւալելու՝ բնակչութեան մօտ՝՝։ Դուք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ամէն օր կանչուած էք դիմագրաւելու միշտ աւելի ծանր հարցեր, որպէս ՜՜անմիջական հետեւանք՝՝ տնետեսական համաշխարհային տագնապին, ինչպէս նաեւ ներքին տագնապին։ Սակայն ասիկա պատճառ մը չէ յուսալքուելու, այլ ընդհակառակը՝ անիկա թող ըլլայ խթան մը ՜՜եղբայրօգնութեան նախաձեռնութիւններու՝՝։ Յայտնենք թէ՝ Վենեզուելլայի եպիսկոպոսները իրենց վերջին հնգամեայ այցելութիւնը կատարած էին 2002-ի Յունիսին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով։



Սուտանի Ժուպա թեմի առաջնորդը կոչ կ'ուղղէ պետութեան, վերջ դնելու՝ միջհամանքային բռնութիւններուն։

Գերապայծառ Բաուլինօ Լորօ, առաջնորդը՝Սուտանի Ժուպա թեմին, կոչ մը ուղղեց Սուտանի կառավարութեան, վերջ դնելու միջցեղային ընդհարումներուն։ Այս ընդհարումները բազմաթիւ զոհեր կը պատճառեն եւ արտահան կ'ընեն հարաւային Սուտանի կիսանկախ շրջանի բնակիչները։ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր կարելին կ՝ընէ քարոզելու ''Բարի Աւետիսը'' եւ դաստիարակութիւն ջամբելու՝ բնակիչներուն։

Ան իր ցաւը յայտնեց մանուկներու արեւանգումի եւ կիներու բռնաբարումի համար, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած գողութիւններու եւ զէքներու ազատ շրջագայութեան ի տես։ Պետութիւնը տակաւ առ տակաւ իր հեղինակութիւնը կը կորսնցնէ եւ անիշխանութիւնը կը տիրէ գիւղերուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.