2009-06-09 14:03:56

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Յունիս 8 ին, տօնախմբեց Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակը։


Այս առթիւ առաջնորդութեամբ՝ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, եկեղեցականներու հանդիսաւոր թափորով և Մայր Աթոռի և ՀԲԸՄ-ի հովանիին ներքեւ գործող հայորդի տուներու սաներու թմբուկներու ձայներու ազդարարութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն, դէպի ՜՜Ս. Հռիփսիմէի՝՝ վանքը տարուեցաւ Ս. Էջմիածնի մէջ պահուող՝ սրբուհիի մասունքով Սուրբ Աջը։

Այնուհետև ՜՜Ս. Հռիփսիմէի՝՝ վանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս Պատարագ։ Մատթէոս աբեղայ Պօղոսեան վանահայրը Ս. Հռիփսիմէի՝՝ վանքին յաւուր պատշաճ ի քարոզ արտասանեց, անդրադառնալով՝ Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան պատմութեան և անոր կարևոր խորհուրդին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման սրբազան գործին մէջ։

Պատարագի ընթացքին Հայաստանի տարբեր շրջաններէն վանք ժամանած բազում ուխտաւորներ առիթ ունեցան մօտենալու և օրհնութիւն ստանալու Ս. Հռիփսիմէի մասունքներէն։ Ծիսակատարութեան աւարտին կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն, որը բաժանուեցաւ ուխտաւորներուն։



Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Անթլիասի մէջ

Անթիլիասի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քահանայից պատրաստութեան դասընթացքի ուսանողներէն կիսասակաւագներուն որոնք սփիւռքի զանազան թեմերու մէջ պիտի պաշտօնավարեն։

Ս պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա կաթողիկոս։ Պատարագը մատուցեց, ձեռնադրութիւնը կատարեց եւ նորընծաներուն իր խրատական քարոզը տուաւ Շահան եպս Սարգիսեան, առաջնորդը՝ Բերիոյ հայոց թեմի, իսկ խարտաւիլակն էր քահանայից դասարանի տեսուչ Փառէն վրդ Վարդանեան։

Իր քարոզին մէջ ձեռնադրիչը շնորհաւորական խօսքին առընթեր, խրատական ուղղեց նորընծայ սարկաւագներուն՝ տէր ըլլալու իրենց ստացած կարգին, սուրբ պահելու քրիստոսի լուծը խորհրդանշող ուրարները պատրաստուելով աւելի բարձր կոչման՝ քահանայութեան աստիճանին։ Այս առիթով ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհաւորական խօսքերով իր որդիական յարգանքը ընծայեց վեհափառ հայրապետին։ Աւարտին Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց նորընծայ սարկաւագները եւ իր հայրական անդրանիկ օրհնութիւնը տուաւ անոնց։

Կ՛ակնկալուի Դրական Որոշ Տեղաշարժ Հայաստանի Վարկային Շուկային Մէջ

 Հայաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ հայաստանեան առեւտրային դրամատուներուն տրամադրելիք վարկերը օգտագործել 3 հիմնական ուղղութիւններով:

 Այս առումով, ելեւմուտի նախարար Տիգրան Դաւթեան, կառավարութեան Յունիս 4ի նիստին յայտարարեց, թէ վարկերու ծաւալները աւելցնելու համար, կառավարութիւնը կը փորձէ լրացուցիչ աղբիւրներ ներգրաւել միջազգային կառոյցներուն ընդմէջէն, ուստի, յառաջիկայ 1-2 ամիսներուն ընթացքին, կ՛ակնկալուին նոր վարկային գումարներ:

Կառավարութիւնը նաեւ ստեղծած է յատուկ հրամանատարութիւն մը, որուն միջոցով ան կ՛աջակցի առաւել հեռանկարային ընկերութիւններու՝ անոնց տրամադրելով պետական երաշխիքներ կամ մասնակցելով անոնց կազմած դրամագլուխներուն: Աշխատանք կը տարուի նաեւ դրամագրաւային (mortgage) նոր ընկերութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ: Տ. Դաւթեանի համաձայն, համաշխարհային տնտեսութեան մէջ անկումի երեւոյթները սկսած են աստիճանաբար դադրիլ, եւ ի յայտ սկսած են գալ կայունացման նշաններ, հետեւաբար, բարելաւում կ՛ակնկալուի նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ:

Հալէպի ՀՄԸՄի խումբը Սուրիոյ պասքեթպոլի կանանց Ա.դասակարգի փոխախոյեան Սուրիոյ պասքեթպոլի կականց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումը,   տեղի ունեցած՝ 1 Յունիսին, ՀՄԸՄ Հալէպի եւ «Ճալաա» խումբին միջեւ։ Մրցումը տեղի ունեցաւ «Ասատ» մարզադաշտին մէջ՝ ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամներուն։ ՀՄԸՄ Հալէպի կազմը, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ փոխախոյեան, երբ աւարտական մրցումին 58-48 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց։

Աւարտական այս մրցումէն ետք խմբապետ Մարիա Գրիգորեան երկրորդ դիրքի բաժակը ստացաւ Սուրիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ամմար Իզմարլիէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.