2009-06-09 16:16:12

2009 հայ քրիստոնեայ երիտասարդի տարի.
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքերէն,
ուղղուած " երիտասարդներուն"


2009 հայ քրիստոնեայ երիտասարդի տարի`Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքերէն ուղղուած երիտասարդներուն` "Երիտասարդութեան շրջանը յոյսի ժամանակ է"։



Բոլորս կը զգանք յոյսի անհրաժեշտութիւնը, "Յոյս" ոչ թէ սովորական այլ` հաստատուն և վստահելի: Երիտասարդութեան շրջանը յոյսի ժամանակ է, որովհետև այս շրջանին անհատը կը նայի ապագային բազմաթիւ ակնկալիքներով։ Երիտասարդութիւնը շրջան մըն է, երբ մեր մեջ կը զարգանան բազմաթիւ գաղափարներ, ծրագրեր և երազանքներ: Երիտասարդութիւնը կեանքի այն փուլն է, որուն ընթացքին, ողջ կեանքին համար վերջնական ընտրութիւններ կը կատարուին: Գուցէ այդ է պատճառը, որ այդ տարիքին կը յառաջանան կենսական նշանակութեան հարցերը` ինչո՞ւ կ' ապրիմ աշխարհի մէջ: Ո՞րն է կեանքի իմաստը: Ի՞նչ կայ ապագային մէջ ինծի համար նախատեսուած: Ի՞նչպէս հասնիլ երջանկութեան: Ինչու՞ համար են "տառապանքը, հիւանդութիւնը, մահը": Ի՞նչ կայ մահէն ետք: Ասոնք հարցեր են , որոնց ճնշիչ ազդեցութիւնը յատկապէս կը զգանք կեանքի դժուարին պայմաններու մէջ, երբ անյաղթահարելի թուացող խոչընդոտներու կը հանդիպինք` ուսումնառութեան, աշխատանքի ընթացքին կամ ընտանեկան փոխյարաբերութիւններու եւ տնտեսական դրութեան մէջ եւ կամ կը պատահին հիւանդութեան, դժբախտութեան պարագային:

Մեծ Յոյսը փնտրելու Քաղաքականութիւնը,

գիտութինը, գեղարուեստը, տնտեսութիւնը և որևէ նիւթական արժէքներու այլ աղբիւրներ բաւական չեն, և կարող չեն ապահովելու մեզի այն Մեծ Յոյսը, որուն կը ձգտինք: Յոյսը, որ կը փնտրենք կարող է միայն ըլլալ "Աստուածային" որը տիեզերքը կը լիացնէ: Միայն Աստուած կարող է մեզի առաջարկել և թելադրել նաև ներկայացնել այն, ինչ որ կարող չենք ձեռք բերել' մեր միջոցներով:

Սիրելի բարեկամ երիտասարդներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը մտաբերեմ ձեր տարեկիցներէն, որոնց կեանքը վիրաւորած է: Ոմանք կ'ապրին տհասութեան և տգիտութեան միջավայրին մէջ, որ պատասխանատուն շատ յաճախ իրենք չեն, այլ ընտանիքի բացակայութիւնը, դաստիարակչական վրիպումները, հեշտամոլ և ազատամիտ ընտրութ իւնները և բացասական փորձառութիւնները: Այս վերջինները երիտասարդներու մօտ բարդոյթներ կը յառաջացնեն, որոնցմէ դուրս գալու համար մեծամասնութիւնը կ'ընթանայ սխալ ճանապարհով` փախուստ, կղզիացում, ալկոհոլամոլութիւն և թմրադեղեր: Սակայն ասով հանդերձ` շատ մը յուսահատներ կը շարունակեն ձգտիլ սիրոյ և երջանկութեան: Ահա այս պատճառաւ, որ մեր առաջնագոյն խնդիրը կը տեսնենք երիտասարդ սերունդին օգնել, որպէսզի վերագտնեն Աստուծոյ ճշմարիտ երեսը, որը Սէ րն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.