2009-06-08 13:36:23

Շաբթուան Սուրբերը


Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց կոյսերու յիշատակութիւնը անոնք ընդարձակօրէն ներկայացուած են սկզբնագիր Ագաթանգեղոսի եւ Մովսէս Խորենացիի կողմէ։

Այս անձնուրաց կոյսերը նահատակուեցան հաւատարիմ մնալու համար իրենց կատարած ուխտին եւ ի Սէր Քրիստոսի։

Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց կոյսերը կ՝ապրէին Հռոմի մէջ իբրեւ ճգնասուն քրիստոնեայ կոյսերու խումբ մը, Դիոկղետիանոսի օրով։ Կայսրը ուզած էր կնութեան առնել անոնցմէ ամէնէն հրաշագեղը՝ Հռիփսիմէն, ասոր համար իրենց դաստիարակ մայրապետը Գայեանէն, թէ Հռիփսիմէն եւ թէ միւս բոլոր մայրապետները Արեւելք փախցուց ուր շատ տեղեր շրջելէ ետք Հայաստան եկան եւ հաստատուեցան Վաղարշապատի մօտ, Հնձանք կոչուած տեղը։

Տրդատ թագաւորը իմանալով՝ (Դիոկղետիանոսէն) Հռիփսիմէի գեղեցկութեան մասին ուզեց տեսնել զինք եւ հմայուելով անոր գեղեցկութենէն, ինք ուզեց զինք կնութեան առնել սակայն Հռիփսիմէ մերժեց նամանաւանդ ուժգնութեամբ դիմադրեց անոր վայրագ կամքին։ Հետեւանքը եղաւ որ Տրդատ թագաւորը զայրացած այս մերժումէն նահատակել տուաւ Հռիփսիմէն։ Նախքան սպաննելը դահիճները կտրեցին լեզուն եւ ապա ջահերով խորովեցին անոր մարմինը եւ յետոյ անդամ, անդամ յօշեցին զայն։

Հռիփսիմէի նահատակութեան յաջորդ օրը դահիճները նոյն անգութ հալածանքներու ենթարկեցին Գայեանեան 36 կոյսերը, անոնցմէ իւրքանչիւրը չորս ցիցերու վրայ պրկելով, մորթազերծ ըրին զանոնք եւ ապա գլխատեցին։ Ասոնց նահատակումէն ետք դեռ կը մնար կոյսերէն մէկը որ հիւանդացած ըլլալով դահիճները չէին կրցած զինք տանիլ նահատակութեան։ Ամէնուն մահէն ետք ինք եւս տեղւոյն վրայ ունեցաւ նոյն ճագատագիրը։ Ինը օր վերջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հաւաքեց ամէնուն մարմինները եւ երեք վկայարաններ շինեց Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց եւ միակ մնացած կոյսին վրայ։(Հոս յիշենք որ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց կոյսերու նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ դեռ Խոր Վիրապի մէջ բանտարկուած էր։ Ինը օր, այս կոյսերուն մարմինները անթաղ մնացին եւ ոչ մէկ գազան կամ գիշակեր թռչուն մօտեցաւ անոնց, մինչեւ Ս. Գրիգորի Խոր Վիրապէն դուրս ելլելը եւ անոր ձեռամբ այս նուիրեալներու թաղումը)։

Կուսանաց գերեզմանները նախ կնքուեցան լուսաւորիչի ձեռքով. դար մը ետքը անոնք գրեթէ անյայտացած ըլլալով գտնուեցան Ս. Սահակ Պարթեւի ջանքով, որ նոյնպէս կնքեց զանոնք իր մատանիով. երկու դար յետոյ անոնց վկայարանները աւելի պայծառ կերպով վերաշինուեցան Կոմիտաս Կաթողիկոսի օրով որ անոնց վրայ գրեց ՜՜ԱՆՁԻՆՔ ՆՈՒԻՐԵԱԼՔ՝՝ սքանչելի շարականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.