2009-06-08 13:36:41

Լուրեր հայկական կեանքէն

Թորոս Թորանեանի’ ‘‘Թթխմոր’’ գիրքը ՝ պատմուածքներու ընդմէջէն տողանցք մըն է հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու :


Թորոս Թորանեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով ծրագրուած Թթխմոր գիրքը ծաղկաքաղ մըն է հեղինակին 1975-2002-ին լոյս տեսած գործերէն։ Մեծ մասամբ իրական կեանքէ առնուած 27 պատմուածքներ ամփոփուած են 5 գլուխներու մէջ։ Յաւելուածի բաժնին մէջ տրուած է Թորանեանի ինքնակենսագրականը, ինչպէս նաեւ՝ իր գրական, հրատարակչական, խմբագրական ու թարգմանական բեղուն գործունէութեան մատենագիտութիւնը։ Թթխմորը Թորանեանի Արաս հրատարակչատունէն լոյս տեսած երկրորդ գիրքն է։ Այս գիրքը պատմուածքներու ընդմէջէն տողանցք մըն է նաեւ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.