2009-06-08 13:18:00

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՔ ԸՆՏՐԵՑԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ։ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒԳԱՅ' 14 ՄԱՐՏԻ ԱՐԵՒՄՏԱՄԷՏ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ։

2009-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները առաւելագոյն չափով ժողովրդավարական եղան։Այս ընտրութիւններուն լիբանանցի քաղաքացիներու մասնակցութեան թիւի մեծ համեմատութիւնը առողջ երեւոյթ հանդիսացաւ , որովհետեւ անիկա կը վերաբերի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն մօտ պարզուած ազգային գիտակցութեան շեշտաւորումին։ Ընտրութիւններու ընդհանուր պատկերին հսկող միջազգային դէտերը, որոնք ամբողջ օրուան ընթացքին հետեւեցան ընտրութիւններուն, զարմանքով արտայայտուեցան տիրող ժողովրդավարական մթնոլորտին մասին։ Անոնք նշեցին, որ լիբանանցի քուէարկող բոլոր քաղաքացիները, ի՛նչ հոսանքի ալ պատկանին անոնք, գիտակից են իրենց քաղաքացիական պատասխանատուութիւններուն եւ ընտրելու իրենց իրաւունքին՝ պահպանելով ժողովրդավարական ընդհանուր մթնոլորտը։ Այսպէս այս ընտրութիւններէն յաղթական դուրս կուգայ ՝՝14 Մարտի՝՝ Արեւմտամէտ Դաշնակցութիւնը,հակադիր Իրանամէտ Հէզպոլլահ Շիի Շարժումին։՝՝14 Մարտը կը կրկնէ իր յաղթանակը մեծամասնութիւն ձեռք ձգելով՝՝ խորագրած է ՝՝Մուսթաքպալ՝՝ պաշտօնաթերթը նոյնանուն կուսակցութեան որու առաջնորդն է Սաատ Հարիրի,մանչը ու քաղաքական ժառանգորդը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպաննուած 2005ի՝Մարտ 14-ին.

ԱՐՑԱԽԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԾՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ ՈՒՆԻ։Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան դրական գնահատած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ՝ 4 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը՝ ընդգծելով, որ այդ հանդիպումը կը վկայէ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման մտադրութիւնը։ Աթանէսեան խօսած է այն հանգամանքին մասին, ըստ որուն, Մինսքի խմբակի համանախագահներուն Ստեփանակերտի մէջ կատարած բանակցութիւնները ցոյց տուած են, որ Արցախի բնակչութիւնը աւելի կարծր դիրքորոշում ունի, քան իշխանութիւնները։

ՕՍԼՕ-Թուրքիոյ Դեսպանատունը Կը Փորձէ Խանգարել Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հաւաքը։

«Պիանէթ» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Նորվեկիոյ մէջ կազմակերպուած արտայայտութեան ազատութեան նուիրուած համագումարի մը Յունիս 4ի նիստին ընթացքին, օրակարգի բերուած է նաեւ «Ցեղասպանութեան Ուրացման Օրէնքն ու Քաղաքականութիւնը» նիւթը: Այս ժողովին մասնակցած է նաեւ թուրք պատմաբան ու հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու, որ ուրիշներու կարգին, 1915ի ջարդերը կ'որակէ Հայկական Ցեղասպանութիւն։ Այդ միջոցին անձ մը, որ կը յայտնէր թէ ինք Նորվեկիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչն է, խօսք կ՝առնէ ու կ՝ըսէ , որ 1915ին հայերը տեղահանուեցան ոչ թէ անոր համար, որ հայ էին, այլ անոր համար, որ թշնամիին հետ գործակցած էին։ Աւելցնելով թէ ամէն երկիր, որուն ապահովութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, նմանօրինակ քայլերու կը դիմէ(այսինքն արդար է տեղահանել ու սպաննել կիները,երախաները ու տարեցները,քանի որ հայ այր մարդոց մեծամասնութիւնը ճակատ կը գտնուէր ,պատերազմելու որպէս Օսմանեան Կայսրութեան զինուորը)։ Դեսպանատան պաշտօնեային այս միջամտութիւնը մեծ շուարում յառաջացուցած է սրահին մէջ։ Զարաքօլու եւ ուրիշներ քննադատած են թուրք պաշտօնեան: Զարաքօլու ըսած, որ Թուրքիոյ մէջ կան օրէնքներ, որոնք կ՛արգիլեն 1915ի Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը. ինք ե՛ւս դատապարտուած է այդ մասին խօսած ըլլալուն համար։Իր կարգին, Հրէական Ողջակիզումէն փրկուածներու խմբակի տնօրէն Եայէլ Տանիէլի ըսած որ այս նիւթին մէջ, եթէ լրատուական միջոցները իրենց պարտականութիւնը չկատարեն, ապա ոչ միայն ճշմարտութիւնները պահուած կը մնան, այլ նաեւ մամուլը օգնած կ՛ըլլայ, որ յիշողութիւնները անհետանան։








All the contents on this site are copyrighted ©.