2009-06-08 13:36:05

 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Երկուշաբթի 8 Յունիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց

Վենեզուէլլայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 42 եպիսկոպոսները` եկած կատարելու իրնց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Գարագասի թեմի առաջնորդը՝ գերապայծառ Խորխէ Ուրոզա Սավինօ Վատիկանի ռատիօյին հետ ունեցած ելոյթին ըսաւ որ ՜՜նախագահ Չավէզի կառավարութիւնը հակառակ է Եկեղեցւոյ եւ կը վրդովէ եպիսկոպոսներու կեանքն ու ազատութիւնը՝՝։ Գարագասի առաջնորդը ամբաստանեց կառավարութիւնը, որ կ'ուզէ ամէն ինչ իր հսկողութեան տակ առնել։ Յայտնենք թէ՝ Վենեզուէլայի եպիսկոպոսները Յունիս 1-18 Հռոմ կը մնան հնգամեայ կանոնական այցելութեան համար Ս. Պետրոսի յաջորդին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւը Մեքսիքոյի՝ մանկամսուրի մը մէջ տեղի ունեցած հրդեհին համար, Նորին Սրբութիւնը կ'աղօթէ անոնց հոգիներուն համար։

Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ յանուն Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Մեքսիքոյի Սոնորա թեմի առաջնռրդին, յայտնելով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւը ի լուր մանկամսուրի մը մէջ տեղի ունեցած հրդեհին եւ որուն հետեւանքով հոն գտնուող՝ 6 ամիսէն մինչեւ 5 տարեկան 142 մանուկներէն, 38 երախաներ, ՝ խեղդամահ եղան մուխէն ու կրակէն ։ Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը կը բարձրացնէ՝ առ Աստուած, որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը, յայտնելով նաեւ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը ու շուտափոյթ առողջութիւն մաղթելով վիրաւորներուն։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Յունիս եւ Յուլիս ամիսներու գործունէութիւնը։

Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ նաեւ Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ տեղի կ՝ունենայ Ս. Հաղորդութեան թափօրը Հռոմի Ս. Յովհաննէսի անուան պազիլիքայէն դէպի ՜՜Տիրամօր՝՝ նուիրուած Աւագ պազիլիքան։

Հինգշաբթի 11 Յունիսը տոնն է Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր բացօդեայ պատարագ կը մատուցէ Ս. Յովհաննէս պազիլիքային հրապարակը եւ ապա կը հանդիսապետէ Ս. Հաղորդութեան թափօրը Ս. Յովհաննէս պազելիքայէն դէպի Տիրամօր Աւագ պազելիքան, ուր Նորին Սրբութիւնը Ս. Հողորդութեամբ կ'օրհնէ բոլոր ներկաները։



Յունիս 21ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Ս. Յովհաննէս Ռոդոնտոյի սրբավայրը, ուր կը հանգչի հրաշագործ ՜՜Բատրէ Բիօ՝՝ Սուրբին մարմինը։

Սուրբ Բատրէ Բիօ՝ ներկայիս Իտալիոյ ամենասիրելի ու ժողովրդական սուրբն է։ Սրբազան Քահանայապետին Ս. Յովհաննէս Ռոդոնտոյի սրբավայրը, հովուական այցելութեան յայտագիրը.

՜՜ Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով կը հասնի Ս. Յովհաննէս Ռոդոնտօ ժամը 9.15ին։ Նախ կ'այցելէ վանքին թիւ մէկ ճգնարանը, ուր ապրած ու վախճանած է սուրբ Բատրէ Բիօ 1887-1968։ Բատրէ Բիօ իր մարմնին վրայ կը կրէր Յիսուսի հինգ վէրքերը` ձերքը, ոտքը եւ կուրծքը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը կ'ուղղուի այն մատուռը ուր կը հանգչի սուրբին անաղարտ մարմինը։ Վանքին եկեղեցւոյ մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ ժամը 10.15ին ապա ժամը 16.45ին կ'այցելէ ՜՜Տառապանքը ամոքող՝՝ կոչուած տունը. անիկա հիւանդանոց մըն է հիմնուած յիշեալ սուրբէն 1956ին։ Իսկ ժամը 17.30ին Սրբազան Քահանայապետը սրբավայրի գլխաւոր եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ երեկոյեան ժամասացութիւնը մասնակցութեամբ Բուլիա մարզի եկեղեցականներուն հուսկ՝ ժամը 18.15ին Սրբազան Հայրը Հռոմ կ'ուղղուի։



19 Յունիսին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը բացումը կը կատարէ քահանայական տարւոյն, այս առթիւ պիտի ցուցադրուի՝ Գիւրէ տ`Արսի աճիւնները` պաշտպան սուրբը աշխարհի բոլոր քահանաներուն, անոր մահուան 150 ամեակին առիթով ։



Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, 19 Յունիս 2009ին, տօն Յիսուսի սուրբ սրտին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երեկոյեան ժամասացութեան ընթացքին, պաշտօնապէս բացումը կը կատարէ քահանայական տարւոյն, որ ունի որպէս բնաբան. ''Քրիստոսի հաւատարմութիւնը, քահանային հաւատարմութիւնը''։ Յայտնենք թէ քահանայութեան այս յատուկ տարին, 19 յունիս 2009 էն- 19 յունիս 2010, 150րդ տարելիցն է Գիւրէ տ`Արսի կամ սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէի մահուան։ Այս արարողութեան ընթացքին կը ցուցադրուի սուրբին աճիւնները։

Նորին Սրբութիւնը 19 յունիս 2010ին պիտի եզրափակէ քահանայական տարին մասնակցելով՝ քահանայական համաշխարհային ժողովին Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։ Յոբելինական այս տարւոյն ընթացքին Հռոմի Պապը պիտի հռչակէ սուրբ Ժան-Մարի Վիաննէն՝ պաշտպան սուրբը աշխարհի բոլոր քահանաներուն։ Իսկ կղերի ժողովը կը նախատեսէ հրապարակումը ուղղեցոյցի մը, խոստովանահայրերու ու հոգեւոր հայրերու դիտաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ''Քահանայական առաքելութիւնը'' վերտառութեամբ բնագիրներու հաւաքածոյ մը։

Իսկ յառաջիկայ Յունիս 28ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի Ս. Պօղոսի անուան տաճարին մէջ կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը եւ որուն ընթացքին կը փակէ պօղոսեան տարին։

Յաջորդ օրը՝ 29 Յունիսը` Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին, Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ առաւօտեան ժամը 9.30ին եւ ինչպէս ամէն տարի, Պալիւմը կը շնորհէ 2009ին նշանակուած մետրապոլիտ արքեպիսկոպոսներուն։

Յուլիս ամսոյն մէջ ծիսական գրասենաեկի համաձայն ոչ մէկ արարողութիւն նախատեսուած է։

Արդարեւ Սրբազան Հայրը Յուլիս 13-27 արձակուրդի կ'երթայ հիւսիսային Իտալիա` Վալ տ'Աուդայ բարձրաւանդակը, որուն աւարտին կը քաշուի Հռոմէն ոչ հեռու Գասթել-Կանտոլֆօ ամառնային պալատը։

Օգոստոս 15-ին` Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին օրը, Նորին Սրբութիւնը պատարգ կը մատուցէ Գասթել-Կանտոլֆոյի ժողովրդապետական եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.