2009-06-07 09:00:10

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

ֆրանչիսքեան միաբանութեան ընտրական վանաժողովը Ասսիզիի մայրավանքին մէջ. Իտալիա։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը մանկութեան կաթողիկէ գրասենեակին.


Վատիկանեան տեղեկութիւններ

ֆրանչիսքեան միաբանութեան ընտրական վանաժողովը Ասսիզիի մայրավանքին մէջ. Իտալիա։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը մանկութեան կաթողիկէ գրասենեակին.

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի յատուկ նուիրակ՝ կարտինալ Խոզէ Մարդէանսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ ֆրանչիսքեան միաբանութեան ընտրական վանաժողովը Իտալիոյ Ասսիզի մայրավանքին մէջ։

Ժողովական հայրերը Հինգշաբթի օրը վերընտրեցին եղաբայր Խոզէ Ռոտրիկէզ Գարպալլոն։

Վերընտրուած Աբբահայրը ծնած է Սպանիոյ Լոտոզէլօ քաղաքը 1953ին։ Նախապէս ան պաշտօնավարած է որպէս մեծաւոր՝ Սպանիայ Ս. Յակոբ տէ Գոմբոսդելլա շրջանը եւ ընտրուած՝ նախագահը Եւրոպայի ֆրանչիսքեաններուն։ 2003ին` առաջին անգամ, ընտրուած էր ընդհանուր աբբահայրը իր միաբանութեան, եւ այժմ՝ վերընտրուած։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը մանկութեան կաթողիկէ գրասենեակին. ՜՜Մանուկներու իրաւունքներու ամբողջական կիրարկումը՝՝։

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ'ընդգծէ կարեւորութիւնը շուտափոյթ գործադրելու Միացեալ Ազգերու կողմէ 20 տարի առաջ վաւերացուած՝ ՜՜Մանուկներու իրաւունքներու՝՝ համաձայնագիրը։

ՄԱԿի Ժընեւի գրասենեակը, Յունիս 4ին՝ համաշխարհային կոչ ուղղեց մանուկներու իրաւունքներու համաձայնագրին գործադրութեան ի խնդիր։

Այս առթիւ, Սրբազան հայրը, իր կարգին պատգամ մը ուղղեց մանկութեան կաթողիկէ գրասենեակին, շեշտելով հարկաւորութիւնը՝ մանուկներու արժանաւորութեան յարգանքին, նպաստելով անոնց ֆիզիքական, մշակութային ու բարոյական զարգացումին։ Սրբազան Հայրը, նոյնպէս իր նեցուկը կը յայտնէ կաթողիկէ եւ ոչ կաթողիկէ կազմակերպութիւններուն, որոնք կը շարունակեն վեհանձնութեամբ գործել համաձայնագրի կիրարկումին, նպաստելով՝ մեր ժամանակակից մանուկներուն ՜՜ յոյսի, անվտանգութեան ու երջանկութեան ապագային համար՝՝։ Յատնենք թէ ՄԱԿի մանուկներու համաձայնագիրը վաւերացուեցաւ՝ 20 նոյեմբեր 1989ին 193 պետութիւններու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.