2009-06-07 14:24:58

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յունիս 7, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, համախմբուած տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին համար, այսօր Եկեղեցին դարձեալ կը հրաւիրէ մեզ խորհրդածելու Աստուծոյ մասին իր Սիրոյ խորհուրդին մէջ։ Աստուած` Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի է։ Հետեւելով Ս. Կոյս Մարիամի օրինակին կը խնդրեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրէն ապրիլ այս երրեակ սէրը, որպէսզի մեր կարգին դառնանք վկաները այս սիրոյն աշխարհի մը որ այնքան կարօտը ունի Աստուծոյ։ Յունիս այս ամսոյն ընթացքին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրեմ ձեզ աղօթելու բոլոր անոնց որոնք սարկաւագ եւ քահանայ պիտի ձեռնադրուին։ Աղօթեցէք ժառանգաւորներուն եւ անոնց մեծաւորներուն համար։ Ձեզի ամէնուդ կը շնորհեմ առաքելական օրհնութիւնը։



Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի հաղորդագիրը ` Սէ ուտական Արապիայի արտգործ նախարարի այցելութիւնը, նիւթին մասին։



Ուրբաթ օրը, յունիս 5, Սէ ուտական Արապիայի արտգործ նախարար իշխան Սաուտ ալ ֆայսալ պին Ապտելազիզ այցելութիւն կատարեց Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի։ Անոր կ'ընկերանար պատուիրակութիւն մը։ Իշխանը ընդունուեցաւ Վերոյիշեալ Խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Ժան Լու Թոռանէն եւ անոր անմիջական խորհրդատուներէնու։ Հանդիպումին ընթացքին գաղափարներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Մատրիտի ժողովի եզրակացութիւններու յառաջ տանելու մասին։

Յայտնենք թէ Մատրիտի ժողովը տեղի ունեցաւ Սպանիոյ մայրաքաղաքը 2008ին յուլիս 16-18, նախաձեռնութեամբ Սէ ուտական Արապիայի արքայ Ապտալլա պին Ապտելազիզ ալ Սաուտիի։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի գլխաւոր կրօներու պետերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.