2009-06-07 09:02:21

Յունիս ամիսը Յիսուսի սուրբ սրտի ամիս է։ 7


Յունիս ամիսը Յիսուսի սուրբ սրտի ամիս է։ 7



Թագաւոր փառաց,

Թողութիւն տըւող

Թող ինծ յանցանս։

Ժողովող բարեաց

Ժողովեա եւ զիս

Ժողովս անդրանկաց։



Ս. Ինքնատիոսի աղօթքը առ Որդին Աստուծոյ



Ով սիրեցեալ Որդին Աստուծոյ

սորվեցուր ինծի ըլլալ անձնուէր,

ծառայել Քեզի ինչպէս որ արժանի ես

նուիրել ինքզինքս առանց սակարկելու

պայքարիլ` առանց վէրքերէն վախնալու

աշխատիլ` առանց հանգիստ փնտռելու

ուժերս սպառել` առանց ակնկալելու

ուրիշ վարձատրութիւն եթէ ոչ` գիտնալ

թէ սուրբ կամքդ կը կատարեմ։

Առ ով Տէր ամբողջ ազատութիւնս,

յիշողութիւնս, միտքս, եւ ամբողջ կամքս,

ինչ որ ունիմ, ինչ որ ստացած եմ`

դուն տուած ես ինծի

զայն Քեզի կը վերադարձնեմ։

Ամէն ինչ Քեզի կը պատկանի

գործածէ զայն Քու հաճոյքիդ համեմատ։

Միայն մէկ բան տուր ինծի. սէրդ եւ շնորհքդ։

Ուրիշ ոչինչ կը խնդրեմ Քեզմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.