2009-06-06 12:30:33

Յունիս ամիսը Յիսուսի սուրբ սրտի ամիս է։ 6


Գանձդ ողորմութեան,

Գանձիդ ծածկելոյ,

Գտող զիս արա։

Դուռն ողորմութեան

Դաւանողիս բաց.

Դասեցո վերնոց։



Նուիրում առ Փրկիչն Յիսուս

Ընդունէ Փրկիչ Յիսուս մեր սիրտը եւ արժանի դարձուր զայն քեզի.

տուր մեզի սիրտ մը սուրբ եւ խոնարհ,

սիրտ մը երախտագէտ պարգեւներուդ,

սիրտ մր զղջացեալ իր մեղքերուն վրայ,

սիրտ մը հաւատարիմ քու շնորհքներուդ,

սիրտ մը հնազանդ պաշտելի կամքիդ,

սիրտ մը լիացած, հոգիացած եւ վառուած քու սիրովդ։



Պահպանէ մեր սիրտը ցմիշտ, պահէ զայն սրտիդ մէջ

այս օրուանէ սկսեալ եւ կեանքին բոլոր օրերուն.

մահուան կէտին եւ յաւիտենապէս, ան քեզ միայն թող սիրէ,

Աստուած իմ, քեզ միայն օրհնէ եւ փառաւորէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.