2009-06-06 12:28:45

 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Շաբաթ`6 Յունիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

կարտինալ Ռէ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,

Վենեզուելլայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու՝ իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին,

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց ֆրանսական դպրեվանքի մեծաւորներն ու ժառանգաւորները, թիւով 102 հոգի։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ նորին սրբութիւնը ըսաւ ՜՜ուրախութեամբ ձեզ կ'ընդունիմ։ Հռոմի՝ ֆրանսական դպրեվանքին համար այս կարեւոր պահուն։ Արդարեւ ՜՜Սուրբ Հոգւոյն՝՝ միաբանութիւնը՝ դպրեվանքին հիմնարկութենէն սկսեալ, որ արդէն ամբողջացուցած է մէկ ու կէս դարը, հաւատարմօրէն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց պատրաստելու ապագայ քահանաները եւ այժմ այս պատասխանատուութիւնը կը յանձնէ ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։ Քահանաներ պատրաստելու պաշտօնը,ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ., փափուկ առաքելութիւն մըն է։ Պահանջուած կազմութիւնը խստապահանջ է, քանի ապագայ քահանաներուն պիտի յանձնուի հովուութեան պատասխանատուութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին, որ Քրիստոսի արիւնով փրկուած է։ Լաւ է որ ժառանգաւորները յիշեն որ եթէ Եկեղեցին խիստ դաստիարակութիւն կու տայ, պարզապէս, որովհետեւ՝ անոնք պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնեն անոնց որոնք Քրիստոսի արիւնով գնուեցան։ Ապագայ քահանաներէն կը պահանջուի. մարդկային հասունութիւն, հոգեւոր յատկութիւններ, առաքելական եռանդ եւ մտաւորական ունակութիւն։ Անոնք պէտք է իրենց պատասխանատուներուն տան վկայութիւնը՝ այս առաքինութիւններուն։ Մենք կանչուած ենք տալու՝ ամէն ինչ որ նախապէս ստաձանք Աստուծմէ՝՝։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ՜՜ֆրանսական դպրեվանքին յատկութիւններէն մէկն է անոր ներկայութիւնը Յաւիտենական Քաղաքին մէջ, ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է լաւատեղեակ ըլլալու՝ ՜՜Եկեղեցւոյ պատմութեան, անոր Տիեզերականութեան եւ անոր Ողջ Միութեան Պետրոսի յաջորդին հետ՝՝ եւ այսպէս, ժառանգաւորներու սրտին մէջ դրոշմուի Եկեղեցւոյ սէրը՝՝։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր ճառը եզրափակեց ներկաներուն տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.