Ս. Աթոռը ողջունեց եւ գնահատեց
ԱՄՆԻ նախագահ Պարագ Օպամայի ուղղած ճառը, իսլամ աշխարհին
՜՜Յարաբերութիւններու
նոր էջ մը ԱՄՆի եւ իսլամութեան միջեւ՝՝
Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի մամուլին հետ
ունեցած ելոյթով ըսաւ ՜՜Ս. Աթոռը մեծապէս գնահատեց Պարաք Օպամայի արտասանած ճառը Գահիրէի
Ալ Ազհար համալսարանին մէջ՝՝։ Նոյն օրը, Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը ՜՜Օսսէրվաթորէ
Րօմանօ՝՝ խնդակցութիւնը յայտնեց Օպամայի ճառին որ կ'առաջարկէ նոր կապերու հաստատումը
Ամերիկայի ՄԻացեալ Նահանգներու եւ իսլամ աշխարհին միջեւ, աչքի առջեւ ունենալով հանդերձ՝
գոյացող տարբերութիւնները եւ լարուածութիւնները։ Վատիկանի օրաթերթը մէջբերեց Ամերիկայի
նախագահին սա խօսքը. ''Ամէն անհատի ձգտումն է ապրիլ խաղաղութեամբ եւ անվտանգութեամբ .
ընդունիլ դաստիարակութիւն, աշխատիլ արժանաւորութեամբ, սիրել իր ընտանիքը, իր համայնքը
եւ իր Աստուածը''։ Յայտնենք թէ ԱՄՆի նախագահը հաւանաբար հանդիպում ունենայ Պենետիկտոս
ԺԶ Քահանայապետին հետ, 8 հզօր պետութիւններու ժողովին, որ Իտալիոյ Ապրուցօ մարզը տեղի
պիտի ունենայ յառաջիկայ 8-էն 10 Յուլիս։