2009-06-05 13:57:02

Յունիս ամիսը Յիսուսի սուրբ սրտի ամիս է։ 5


 Առաւօտ լուսոյ,

Արեգակն արդար,

Առ իս լոյս ծագեա։

Բխումն ի Հօրէ,

Բխեա ի հոգւոյս

Բան քեզ ի հաճոյս։



Նուիրում առ Փրկիչն Յիսուս

Քու ոտքդ ինկած, ահաւասիկ քեզի կը նուիրենք մեր սիրտը,

երկինքի ու երկրի առջեւ, վկայ կանչելով զանոնք այս մեր ուխտին։

Եւ որովհետեւ կը հաճիս, բարերար Յիսուս, ընդունիր մեր սիրտը`

մեղապարտ ու անարժան քեզ կը մատուցանենք զայն իբր նուէր։

Ահա ներկայ է ան խաչիդ ստորոտը,

ընկղմուած շնորհքներուդ հեղեղին տակ,

ողողուած քու արցունքներովդ եւ արիւնովդ։

Սակայն ափսոս, ան անարժան է քեզի,

վիրալից եւ անսուրբ դարձած իր անթիւ ախտերէն,

ապականած` իր անթիւ մեղքերէն։

Յիսուս Փրկիչ քեզի կը նուիրենք մեր սիրտը

ինչպէս նաեւ անոր բոլոր զգացումները,

բոլոր բաղձանքները ու իղձերը։

Գիտենք եթէ դատէիր մեզ քու արդարութեամբդ

ինքզինքնիս կը գտնէինք դժոխքի կրակին մէջ.

բայց դուն կ'ուզես որ քու երկնային սիրոյդ կրակովը բորբոքինք,

կ'ուզես նոյնիսկ տեղ մը տալ մեզի գորովագութ եւ ողորմասէր սրտիդ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.