2009-06-03 13:52:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը աղօթեց Ատլանտեան Ովկիանոսի մէջ անհետացած ֆրանսական ՜՜Էր Պաս՝՝ օդանաւի զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։


Իր ուղարկած ցաւակցական հեռագիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր մօտիկութիւնը եւ խոր ցաւը կը յայտնէ 228 անձերուն համար որոնք անհետացած են եւ որոնք կը գտնուէին ֆրանսական ՜՜Էր Պաս՝՝ օդանաւին մէջ։

32 ազգութիւններու պատկան Ճամբորդները, Ռիօ տը Ժանէյրոյէն, Փարիզ կ'ուղղուէին։ Սրբազան հայրը իր հեռագիրին մէջ կը հայցէ Աստուծոյ ողորմութիւնը աղէտի զոհերուն համար, որուն պատճառը տակաւին անծանօթ է։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.