2009-06-03 13:52:45

Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը


Սրբազան Քահանայապետը Յունիս ամսուան համար կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթել.

Որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն` որպէսզի միջազգային հասարակութեան ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը հանդէպ աղքատներուն աւելի դրական օգնութիւն յարուցէ եւ ամոքէ ճնշող արտաքին պարտքը։

Իսկ որպէս միսիոնարական աղօթքի դիտաւորութիւն՝ որպէսզի տեղական այն եկեղեցիները որոնք կը գործեն դժուար պայմաններու մէջ, ընդունին զօրակցութիւնը աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.