2009-06-03 13:52:30

 ֆրանսայի առաքելական դեսպանը նշանակուած է, կառավարիչը՝ ներքին ատեանի առաքելական ժողովի։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նշանակեց Գերապայծառ ֆօրթունաթօ Պալտելլին` առաքելական դեսպանը Փարիզի մօտ, որպէս կառավարիչը ներքին ատեանի առաքելական ժողովին։ Ան կը փոխարինէ Ամերկացի կարտինալ Ճէյմս ֆրանսիս Սթաֆորտը, որ իր հրաժարականը ներկայացուցած է, իր յառաջացած տարիքին բերումով։

Ներքին ատեանը` Վատիկանի վերին վարչութեան ամենահին ժողովն է։ Անիկա ծնունդ առած է ԺԲ. դարուն, գոհացում տալու համար բոլոր այն ուխտաւորներուն որոնք Հռոմ կու գային խոստովանելու եւ իրենց գործած մեղքերուն արձակում ստանալու համար։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետէն 1988ին ստորագրուած ''Բարի Հովիւ'' կոչուած սահմանադրութեան մէջ, Նորին Սրբութիւնը վերոյիշեալ ժողովին առանձնաշնորհում տուած է բաշխելու ներողութիւններ, ներումներ եւ մեղքերու թողութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.