2009-06-02 13:35:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը Ուկրանիոյ Նախագահ՝ Տիար Վիքթոր Եուշենքոյի հետ ։


Երկուշաբթի մէկ Յունիս 2009-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ուկրանիոյ հանրապետութեան նախագահ` Տիար Վիքթոր Եուշենքօ-ն։ Վատիկան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Ուկրանիոյ նախագահը 20 վայրկեան խօսակցութիւն ունեցաւ Հռոմի Պապին հետ։

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէկ յայտարարութիւնը հաստատեց թէ խօսակցութեան ընթացքին շօշափուեցաւ այն հարցերը որոնք բաց են Ուկրանիոյ Պետութեան ու Եկեղեցւոյ միջեւ, մասնաւորապէս հարցը Յոյն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ որ կ`ուզէ պատրիարքութիւն ունենալ Ուկրանիոյ մէջ։ Հաղորդագրութեան մէջ կ'ընդգծուի բարի կապերը որոնք գոյութիւն ունին Ուկրանիոյ եւ Ս. Աթոռի միջեւ եւ հեռանկարը՝ ՜՜ամրապնդելու համագործակցութիւնը մշակութային եւ ընկերային մարզերուն մէջ՝՝։ Ինչպէս նաեւ կը մատնանշուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բերած սատարը ուկրանեան ընկերութեան, քրիստոնէական արժէքներու դասատիարակութեամբ եւ ՜՜քրիստոնեաներու միջեւ միութիւնը՝՝ յառաջ տանելու մէջ։ Յայտնենք թէ Ուկրանիան կը հաշուէ 46 միլիոն բնակիչ, որուն 50 տոկոսը կապուած են Քիեւի պատրիարքութեան, 26 տոկոսը Մոսկուայի պատրիարքութեան, իսկ օրթոտոքս ինքնագլուխ եկեղեցին` բնակչութեան 7 տոկոսը կը ներկայացնէ, եւ Յոյն կաթողիկէները` 8 տոկոսը, հուսկ՝ լատինները կը ներկայացնեն բնակչութեան 2 տոկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.