2009-06-02 13:37:02

Յունիս ամիսը Յիսուսի սուրբ սրտի ամիս է։ 2


 Տենչալի տեսլեամբ

Տուր ինձ յագենալ

Տէր Յիսուս Քրիստոս։

Րաբուն երկնաւոր

Րոտեա զաշակերտս

Րամից երկնայնոց։



Իշխէ եւ թագաւորէ, Տէր, ոչ միայն հաւատարիմ,

այլ նաեւ անառակ որդիներուդ վրայ։

Տուր որ փութով վերադառնան հայրենի տունը,

ու չկորսուին թշուառութեան մէջ, սովամահ։



Թագաւորէ անոնց վրայ, որոնք հեռացած են ու բաժնուած`

քու սուրբ Եկեղեցիէդ։

Առաջնորդէ դէպի նաւահանգիստը ճշմարտութեան

որպէսզի հետեւին մէկ հովիւի ու կազմեն մէկ հօտ։



Թագաւորէ, Տէր, հեթանոսներու վրայ։

Գթա՜ եւ ազատէ զանոնք մահաստուեր խաւարէն։

Եղիր նաեւ անոնց` Արեգակ Արդարութեան։

Անոնց ալ բացուի դուռը ողորմութեան եւ Արքայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.