2009-06-01 14:36:06

Լուրեր հայկական կեանքէն

Զմմառու Ուխտի օրը-Լիբանան


Զմմառու ուխտի օրուան առիթով Կիրակի, 31 մայիս 2009-ին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամեն. եւ Գերերջ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին։ Առընթերակայ էին Գեր.Հ Բարսեղ վրդ Պաղտասարեան եւ Հ Գաբրիէլ վրդ Մուրատեան։Դպիրներու թափօրը եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւնը հետեւելով Ս Կոյս Մարիամի արձանին ուղղուեցան Զմմառու հայ կաթողիկէ հնադարեան վանքը՝ կատարելու իրենց մայիսեան ուխտագնացութիւնը Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր։

Պատարագի աւարտին հաւատացեալները հետեւելով թափօրին ուղղուեցան վանքին դահլիճը՝ իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցելու համար ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, Զմմառու վարչական հայրերուն եւ վարդապետներուն։

Յետմիջօրէին հաւատացեալ ժողովուրդը այցելեց մայրավանքի ազգային-եկեղեցական թանգարանը, ապա տեղի ունեցաւ Ս Վարդարանի աղօթք՝ նախագահութեամբ վանքի վանահայր Գերյ. Միքայէլ Թ Ծ վրդ Մուրատեանի։



Հայաստան-Թուրքիա երիտասարդական հաւաքականներու

Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզադաշտին վրայ 9 Յունիս 2009ին տեղի պիտի ունենայ ՜՜2011 տարւոյն ֆութպոլի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան ընտրական փուլի Հայաստան-Թուրքիա երիտասարդական հաւաքականներու հանդիպումը՝՝եւ որ այս մրցումի համար տոմսերը  արդէն կը վաճառուին :







Արմէն Յարութիւնեանի Նամակներ Պէյրութէն գիրքի գինեձօն

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային միութեան, կիրակի 31 մայիս 2009-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական 6-րդ հանդիպումը, որ նուիրուած էր Արմէն Յարութիւնեանի 2008-ին հրատարակուած Նամակներ Պէյրութէն գիրքի գինեձօնին։

Երեկոյթին Անդրանիկ մշակութային միութեան ատենապետը Արմէն Իւրնեշլեան բացման խօսքը արտասանեց ապա խօսք առաւ օրուան բանախօսը Կարօ Աբրահամեան որ իր խօսքին սկիզբը նկատել տուաւ, ՜՜որ Արմէն Յարութիւնեան հանրածանօթ անուն մըն է, որ քանի մը տասնամեակներէ ի վեր ներկայ է քաղաքի վաճառականական, կրթական եւ գրական հրապարակներու վրայ։ Ան հարց տուաւ, թէ որքա՞ն հարազատութեամբ կարելի է ներկայացնել անձ մը, որ միեւնոյն ատեն կը դրսեւորէ եւ կը մարմնաւորէ բազմաթիւ ու բազմերանգ յատկութիւններ, բարեմասնութիւններ եւ բարեսիրական գործունէութիւն։

Ան յաջողած գործատէրն ու վաճառականն է, որ իր ունեցուածքէն կարեւոր բաժին մը կը տրամադրէ ազգին, կրթական հաստատութիւններուն, եկեղեցիին, մամուլին, ուսուցիչին, ուսանողին, մտաւորականին եւ անպայմանօրէն ալ՝ կարօտեալին, հաստատեց Կ Աբրահամեան՝ աւելցնելով, որ ան նամակներ գրած է Զարթօնքի, Արարատի, Նայիրիի, Ծաղիկի, եւ ներկայիս՝ Ազդակի էջերուն մէջ։ Նշեց որ Յարութիւնեան եղած է գիրքերու հրատարակութեան մեկենաս՝ աւելցնելով, որ Միմի եւ Արմէն Յարութիւնեան մատենաշարէն ցարդ հրատարակուած են 16 հեղինակներու 34 անուն գիրքեր։ Անդրադառնալով Նամակներ Պէյրութէն գիրքին՝ բանախօսը զանազան նամակներէ ընթերցելով մէջբերումներ կատարեց։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ գիրքը սրտցաւ ու անմեղ մտորումներու հաւաքածոյ մըն է, նոյն սեռին պատկանող, սակայն շեշտուած կերպով անզուսպ արտայայտչական ոճով գրի առնուած։ Աբրահամեան յայտնեց, որ Նամակներ Պէյրութէն գիրքին 2-րդ հատորը մօտ օրէն լոյս կը տեսնէ։

Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական բաժին մը որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Նանոր Մաճարեան, որ մեկնաբանեց 2 երգեր, ապա Արմէն Իւրնեշլեան հրաւիրեց Անդրանիկ վրդ Կռանեանը, Արմէն Յարութիւնեանը եւ Կարօ Աբրահամեանը, որպէսզի կատարեն գինեձօնի արարողութիւնը։

Աւարտին սրտի խօսք ուղղեց հեղինակը Արմէն Յարութիւնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ միութեան եւ բանախօսին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.