2009-06-01 14:34:58

Եկեղեցին մարդասիրական գործակալութիւն մը չէ, այլ դրոշմուած ու առաջնորդուած է իր Տիրոջ Հոգիէն։


Կիրակի օրը կէսօրին, Ողջ լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով Ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած՝ հազարաւոր հաւատացեալներուն, ըսաւ. ՜՜ Եկեղեցին լոկ պատմական մեծ շարժում մը չէ եւ ոչ ալ բարդ եւ ամուր ընկերային հաստատութիւն մը, կերպով մը մարդասիրական գործակալութիւն մը, այլ՝ հաստատութիւն մըն է հիմնուած, դրոշմուած ու առաջնորդուած Քրիստոսի Հոգիէն՝՝։ ՜՜ Եկեղեցին՝ Ողջ Մարմին մըն է, որուն կենսունակութիւնը յառաջ կու գայ անտեսանելի Սուրբ Հոգիէն։ Սրբազան Հայրը մաղթեց որ քրիստոնեայ հասարակութիւնները որոնք կը հալածուին Քրիստոսի անուան համար, զգան Սուրբ Հոգւոյ մխիթարական ներկայութիւնը։ Անոնք մասնակցելով Քրիստոսի չարչարանքին արժանանան Քրիստոսի փառքին։

Իսկ կիրակի օրը առաւօտեան, Հոգւոյն Սրբոյ Գալստեան տօնին օրը , Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Ս. ՊԵտրոս տաճարին մէջ։ Իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ՜՜ներկայ ընկերութեան մէջ տիրող սրտի եւ հոգւոյ ապականումը՝՝։ Մարդը որ ինքզինք Աստուած կը համարի, ուրիշ բան չի գործեր եթէ ոչ աղէտներ եւ ողբերգութիւններ։

Նորին Սրբութիւնը իր ձայնը բարձրացուց սրտի եւ հոգւոյ ապականութեան դէմ որ ի յայտ կու գայ այն պատկերներէն ուր կը մեծարուի հաճոյքը, բռնութիւնը եւ արհամարանքը մարդու եւ կնոջ, որոնց ընկերութիւնը կը թուի ըլլալ վարժ այլեւս ու համակերպուած։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը զգուշացուց հաւատացեալները այն մարդոցմէ՝ որոնք զԱստուած կը մերժեն ։ Անոնք մարդու ճշմարիտ թշնամիներ են եւ կ'առաջնորդեն մարդը դէպի մեծ ողբերգութիւններ. ինչպէս է պարագան Հիրոշիմայի եւ Նաքազաքի միջուկային ռմբակոծումին։

Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզին մէջ վերակոչեց փոթորիկի պատկերը, հետեւաբար օդը, որ Աստուաշունչը կը գործածէ նկարագրելու համար Սուրբ Հոգին։ Սուրբ Հոգւոյ գալուստին ներկայ գտնուելու համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հարկ է որ Եկեղեցին նուազ բազմազբաղ ըլլայ եւ աւելի ժամանակ տայ աղօթքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.