2009-05-31 17:45:32

Հանրութեան ներկայացուած Օրհան Փամուքի ՝՝Ձիւնը՝՝ վէպի հայերէն հրատարակութիւնը։


Հանրութեան ներկայացուած Օրհան Փամուքի ՝՝Ձիւնը՝՝ վէպի հայերէն հրատարակութիւնը։



Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան գրասենեակի մէջ ներկայացուեցաւ Նոպելեան Գրականութեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուքի ՝՝Ձիւնը՝՝ վէպի հայերէն հրատարակութիւնը։ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի տնօրէն Լիլիթ Գալստեանի խօսքով ՝՝Ձիւնը՝՝ վէպը առաւել քան արդիական է այսօր հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնագաւառին մէջ։ Լիլիթ Գալստեանը կը նշէ , որ վէպը թարգմանելու համար անհրաժեշտ էր ունենալ հեղինակի համաձայնութիւնը ինքը շատ տպաւորուած է, երբ Օրհան Փամուք իմանալով, որ փափաք կայ իր գիրքը հայերէն հրատարակելու, հրաժարած է վճարումէ։ Առաւել կարեւոր է այն, որ ՝՝Ձիւնը՝՝ լոյս տեսնէ Հայաստանի մէջ եւ դրական քայլ հանդիսանայ, հայ եւ թուրք ժողովուրդներու ինքնըմբռման որոնումներուն մէջ(Փամուքի փափաքը)։ Գալստեան այս առթիւ յիշած է նաեւ Օրհան Փամուքի այն արտայայտութիւնը, թէ ՝՝իրենք մէկ միլիոն հայեր եւ 30 հազար քիւրտ են սպանել՝՝։ Այս արտայայտութեամբ գրողը դասուեցաւ այն փոքրաքանակ թուրք մտաւորականներու շարքին, որոնք իրենց ազգակիցներուն հասկացուցին թէ ՝՝Թուրքիոյ աշխարհիկ երկիր դառնալու միակ ճանապարհը իր սեփական պատմութեան հետ առերեսումն է՝(ըսած է Գալստեան) ։ Նշենք թէ վէպը ռուսերէնէ թարմգանած է Յակոբ Սողոմոնեանը, թրքերէնի ուղղակի համեմատութեամբ։ Գիրքը հրատարակուած է 1000 օրինակ արեւելահայերէնով եւ 500 օրինակ ալ պիտի հրատարակուի Լիբանանի մէջ, դասական ուղղագրութեամբ։ Օրհան Փամուքը ծնած է 1952 թուականին Պոլիս։ Իր գործերը թարգմանուած են աւելի քան 40 լեզուներով,ան արժանացած է միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու։ Ան գրական աշխարհ մտած է 1979 թուականին՝՝ Ճեվտեթ պէյը եւ իր որդիները՝՝ վիպակով, 2006 թուականին Օրհան Փամուք առաջին թուրքը որ արժանացաւ Գրականութեան Նոպելեան մրցանակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.