2009-05-30 14:00:16

ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ։


ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ։

Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ՝ Օպամային ։ Մայիս 27ին, հարիւրաւոր ցուցարարաներ հաւաքուած էին Պէվըրլի Հիլզի «Պէվըրլի Հիլթըն» պանդոկին շուրջ, ուր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Դեմոկրատ կուսակցութեան ի նպաստ դրամահաւաքի ձեռնարկի մը կը մասնակցէր:Ցուցարարներուն շարքին էին նաեւ աւելի քան 100 հայորդներ, որոնք եկած էին յիշեցնելու նախագահին, թէ պէտք է յարգէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր նախընտրական խոստումը: Հաւաքը կազմակերպուած էր ՀԵԴի եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ: Շարք մը պատկերասփիւռի կայաններ սփռեցին հայկական ցոյցէն տեսարաններ եւ հայ ցուցարարներ իրենց կարծիքները արտայայտեցին լրագրողներուն:

Սկովտիոյ Բողոքական Եկեղեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչով Կը Դիմէ Մեծն Բրիտանիոյ Կառավարութեան։ Սկովտիոյ Բողոքական Եկեղեցիի գլխաւոր Յանձնաժողովը Հայոց Մեծ Եղեռնը ճանչնալու կոչով դիմած է Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան: Նշենք, որ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաունը Բողոքական եկեղեցիի հետեւորդ է: Իր այս քայլով եկեղեցին կը հետեւի Կալէսի (Ուէլսի) Բողոքական եկեղեցիի օրինակին, որ 2006թ. կոչ ըրած էր Միացեալ Թագաւորութեան ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ։Սարդարապատի Յուշահամալիրի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Անկախութեան Տօնակատարութիւն։ Սարդարապատի Յուշահամալիրի մէջ  Մայիս 28ին  կազմակերպուեցաւ տօնակատարութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հռչակման 91րդ Տարեդարձին: Սարդարապատի հերոսամարտի ընթացքին նահատակուած զինուորներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու գացած էին նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներ, պաշտօնատար այլ անձեր, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ: Տօնակատարութեան մասնակցեցան նաեւ սփիւռքահայեր, օտարազգիներ: Նախագահի գլխաւորութեամբ հիւրերը այցելեցին նաեւ Հայաստանի ազգագրութեան եւ ազգային-ազատագրական պայքարի պետական թանգարան, ուր  ներկայացուած էին Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն, Ազգային արխիւէն, Ազգային պատկերասրահէն բերուած ցուցանմուշներ: Սարդարապատի հերոսամարտի 91ամեակի կապակցութեամբ կազմակերպուած տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Արմաւիրի մարզի մանկապատանեկան, ազգագրական երգի-պարի խումբեր: Մայիսեան հերոսամարտերու յաղթանակին 91ամեակի առիթով տօնակատարութիւններ կազմակերպուած են նաեւ Ապարան, Վանաձորի եւ այլ մարզերու մէջ:

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մայիս 27ին, յունական Ս. Սոֆիա եկեղեցւոյ մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ քոնկրէսական Խաւիէր Պեսերայի եւ հայկական ու յունական համայնքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպումը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, Ամերիկեան Յունական Խորհուդին ու Ամերիկայի Հայկական Համախմբումին կողմէ եւ մաս կը կազմէր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին ղեկավարման բանախօսութեան շարքին:Քոնկրէսական Պեսերան յայտարարեց, թէ վերջին երկու տասնամեակներուն Միացեալ Նահանգներ օգտուած է Հայաստանի նորանկախ հանրապետութեան հետ սերտ յարաբերութիւններէն, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութեան ունեցած ներդրումներէն: «Իբրեւ Հայաստանի սերտ բարեկամ ու դաշնակից, կը հաւատամ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը վաղուց պէտք է ճանչցուած ըլլար, որպէսզի կարենան անկէ դասեր քաղել: Ճանաչումը տեղի պէտք է ունենար, նոյնիսկ եթէ սերտ յարաբերութիւններ գոյութիւն չունենային մեր եւ Հայաստանի միջեւ», (յայտարարած է Պեսերան ) յիշեցնելով, թէ նեցուկ կը կանգնի քոնկրէսական Էտըմ Շիֆի կողմէ Ներկայացուցիչներու Տան ներկայացուած Հայակական Ցեղասպանութեան նորագոյն բանաձեւին:








All the contents on this site are copyrighted ©.