2009-05-29 15:13:45

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը բացումը կատարեց Հռոմի թեմի խորհրդաժողովին։


Լատերանեան պազելիքայի մէջ բացումը կատարելով՝ Հռոմի թեմի խորհրդաժողովին ''հովուական համապատասխանատուութիւնը'' նիւթով, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անգամ մը եւս կրկնեց թէ կարելի չէ անջատում ստեղծել, նախքան վատիկանեան եւ յետ վատիկանեան եկեղեցւոյ մէջեւ։ Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց այն հոսանքը որ կը միտի ոչ միայն անջատում ստեղծել այլ եւ հակասութիւն տեսնել Եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ ներգործութիւնը կարելի չէ միմիայն ընկերաբանական չափանիշով դիտել։ Եկեղեցին ամենէն առաջ աստուածային հաստատութիւն մըն է։ Վատիկանեան Տիեզերական ժողովը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, խզում չուզեց այլ շարունակականութեան մէջ բարենորոգում։ Ապա իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Հռոմի թեմի իրավիճակին մասին։ Շատ մը կնքուածներ, ըսաւ Սրբազան հայրը, այն տպաւորութիւնը ունին թէ անոնք մաս չեն կազմեր եկեղեցական հասարակութեան, եւ կղզիացած կ'ապրին։ Հռոմի Պապին համար հարկաւոր է որ նոր սերունդը, ենթակայ ժամանակակից մշակոյթի աճող անհատապաշտութեան, ուստի միջանձնական յարաբերութեան տկարացումի, զգայ ինքզինքը Եկեղեցւոյ անդամ։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը խնամուած ծիսակատարութիւն կատարելու։ Արարողութեան խորհրդանիշերուն ու զայն կատարելու կերպերուն նպատակն է հաղորդել հաւատացեալներուն ՜՜աստուածային կեանքը, Եկեղեցւոյ ճիշմարիտ դիմագիծը՝՝։ Յայտնենք թէ Հռոմի թեմի խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Հռոմի թեմի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մայիս 26-29 եւ որպէս նիւթ ունեցաւ ''Եկեղեցւոյ պատկանելիութիւն եւ հովուական համապատասխանատուութիւնը''։ Խորհրդաժողովին մասնակցեցան թեմի քահանաները, սարկաւագները, կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիներ, ինչպէս նաեւ թեմի եղբայրութիւններու ներկայացուցիչները։

Իսկ այս առաւօտ` Ուրբաթ 29 Մայիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Մոնկոլիայի, Հնդկաստանի, Պենինի, Նոր Զելանտայի, Հարաւային Ափրիկէի, Պուրքինա ֆազոյի, Նամիպիայի եւ Նորվեկիոյ նոր դեսպաններու հաւատարմագրերը։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կարտինալ Ռաֆայելէ Մարթինօ՝՝ նախագահը՝ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին,

Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին,եւ

Կարտինալ Ուիլիամ Ժոզէֆ Լեվատա՝ կառավարիչը հաւատոյ ժողովի։








All the contents on this site are copyrighted ©.