2009-05-29 15:14:51

մայիս ամիս մարեմեան ամիս խոկումներ 29


մայիս ամիս մարեմեան ամիս խոկումներ 29

Լոյսի յետին

Թռթռումին

Հետ թող սլանայ զուգապար

Մեր իղձերուն

Խունկն ոլորուն



եւ մեր անբաւ

Արցունքն ու ցաւ

սրտի յետին կայծն յոգնած։

Հեղ լոյս առատ

Կոյս անարատ

Մեր մտքերուն մթամած։



Շողը ոսկի

թող որ հոսի

Բոցէն աստղիդ կենսալի,

Որ մեր կեանքին

Ակօսն անգին

Հասուն հասկով լի ծաղկի



Մրրիկէ վերջ

Երկինքի մէջ

ցոյց տուր Դէմքդ ծիածան

որ յարածուփ

սրտին ընդհուպ

Ալիքները մեղմանան։








All the contents on this site are copyrighted ©.