2009-05-29 15:14:33

Հայկական Երաժշտութիւն Հայկական երաժշտութեան վարպետները\

Սերկէյ Ասլամազեան


Հայկական Երաժշտութիւն Հայկական երաժշտութեան վարպետները\

Սերկէյ Ասլամազեան

Հայ նշանաւոր թաւջութակահար եւ մանկավարժ, Սերկէյ Ասլամազեան ծնած է Մոզդոկ քաղաքը 1897-ին, Ռուսիոյ հիւսիսային Օսսէթեայի ինքնավար մարզին մէջ։ Նախ հօրմէն` Զաքարիա Ասլամազեանէն սորված է ջութակ նուագելը. Ապա` Եգադերինոտարի – այժմու Գրասնոտարի – երաժշտանոցին մէջ` սորված է թաւջութակ նուագել, իբր ուսուցիչ ունենալով յայտնի թաւջութակահար Հանրի Մերք։ Ապա իր երաժշտական կրթութիւնը շարունակած է Մոսկուայի մէջ, 1915-1927, աշակերտելով Փրօֆեսօր Գոզոլուբովին։

1937-էն սկսեալ` կը սկսի դասաւանդել նոյն Գոնսերվաթորիային մէջ, Մոսկուա, ունենալով բազմաթիւ աշակերտներ։ Իսկ 1947-էն սկսեալ, թաւջութակի դասատու կ՛ըլլայ. Արդէն նախապէս, 1925-ին, ան հիմնած էր Կոմիտաս անունով Քառեակ մը, որ տեւած է մինչեւ 1968 թուականը։ Կոմիտաս Վարդապետի շատ մը երգերը յաջող կերպով դաշնաւորած է լարային քուարթեթի համար. Տակաւին մինչեւ այսօր, զանազան երգահանդէսներու առթիւ, ամենուրեք կը նուագուին Ասլամազեանի մշակումները։

Մի քանի տարիներ առաջ` Փարիզի մէջ, Հայկ Դաւթեան, ջութակահար եւ նուագախումբի ղեկավար, խտասալիկ մը հանեց Ասլամազեանի կոմիտասեան եղանակներով. Իսկ նուագախումբի առաջին ելոյթը տեղի ունեցաւ Փարիզի Սուրբ Խաչ Հայ կաթողիկէ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Ասլամազեան զբաղած է նաեւ ստեղծագործական աշխատանքներով. Լարային քառեակի համար ` մշակած է հայ, ռուս եւ եւրոպացի մեծ հեղինակներու գործերը։ Ամէնէն նշանաւորներն են. Ֆրիտրիխ Հենտելի Փասագալիան, Նիքօլօ Փականինիի 24-րդ Գափրիչիոն, եւ ուրիշներ։

Իսկ Կոմիտաս վարդապետի երգերէն` յիշենք. Գարուն ա, Քելեր ցոլեր, Շողեր ջան, Հաբրբան, Չինար ես, Երկինքն ամպել ա, եւայլն։

Ասլամազեանի գործերուն յատուկ է նրբութիւնը ներդաշնակութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ձեւային ամփոփումը, գործիքներու համակարգութիւնը, որ կու տայ գունագեղ նկարագիր մը իր դաշնաւորումին։ Կոմիտասեան իր մշակումները հայկական լարային քառեակի լաւագոյն ստեղծագործութիւններն են. Անոնք մեծ յաջողութիւն գտան ժողովուրդի մօտ, ինչպէս նաեւ երաժշտագէտներու սրահներուն մէջ։ Անոնց մէջ կ՛արտացոլայ Կոմիտաս Վարդապետի իսկական ոգին։ Իր նուագարանի եւ թաւջութակի դպրոցին մէջ` մեծ դեր ունեցան այս հայկական երգերու մշակումները, ստեղծելով նախընթաց մը, որ շուտով ընդօրինակուեցաւ արդի հայ երաժիշտներու կողմէ, որովհետեւ ազգային հոգի եւ բնոյթ կայ անոնց մէջ։

Բազմաթիւ շքանշաններուն եւ պարգեւատրումներուն մէջէն` յիշենք Պատուոյ շքանշանը, զոր ստացաւ 1939-ին, Սովետական Պետական մրցանակի առաջնութիւնը, 1946-ին, եւ Հայկական Պետական մրցանակի առաջնութիւնը` 1965-ին։

Ասլամազեան եղած է նաեւ մանկավարժ եւ ուսուցիչ երաժշտութեան. Իր աշակերտները այսօր կը շրջին բոլոր աշխարհի վրայ, տարածելով իրենց մեծ վարպետին համբաւը եւ մանաւանդ իր կոմիտասեան դաշնաւորումները, որոնք իրենց կարգին մեծն Կոմիտաս Վարդապետի փառքը կը հիւսեն ամենուրեք։ Մի քանի տարի առաջ տեղի ունեցած իր մահը մեծ կորուստ մը եղաւ հայ երաժշտութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.