2009-05-29 14:14:47

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի Համանախագահները Այսօր Երեւան Կը Ժամանեն։ ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլյակովը (Ռուսաստան), Պեռնար Ֆասիեն (Ֆրանսա) եւ Մեթիու Բրայզան (ԱՄՆ) այսօր երեկոյան կը ժամանեն Երեւան։ Ինչպէս որ տեղեկացուցած է ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեյան մամլոյ խոսնակի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայանը։ Մայիս 30-ի համար ծրագրուած է համանախագահներու հանդիպումները Հայաստանի Հանրապետութեան Ղեկավարութեան հետ։ Համանախագահները այսօր Պաքու կը գտնուին։ Անոնք մայիս 28-ին Երեւան ժամանած էին այնտեղեն մեկնելու համար Ստեփանակերտ, սակայն եղանակային վատ պայմանները թռիչքի կարելիութիւն չեն տուած ։ Ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Բրայզան մայիս 30-ին կը մեկնի Մոսկուա, եւ մայիս 31-ին կրկին Պաքու։ Համանախագահներու այցը կը միտի նախապատրաստել Հայաստանի եւ Ադրբեջանի նախագահներու Սէնթ Պետերսբուրկի մէջ Յունիսի սկզբը նախատեսուած հանդիպումի պատրաստութիւնը։

ԵՐԵՒԱՆ։ Երեխաներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օրուայ Կապակցութեամբ ՀՀ ԱԺ Տարածքին Կը Կազմակերպուի Ուրախ Միջոցառում Փոքրիկներու Համար։

Շարունակելով սկիզբ առած նոր աւանդութիւնը Յունիս 1-ին Ազգային Ժողովի պարտէզը կրկին կը բանայ իր դրները։ Երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուայ կապակցութեամբ Հայաստանի Խորհրդարանի տարածքին կը կազմակերպուի ուրախ միջոցառում փոքրիկներու համար։՝՝Ամէն ինչ փոքրիկներու համար՝՝ կարգախօսքի ներքեւ կայացած միջոցառման առթիւ Ազգային ժողովը պատրաստած է բազմաթիւ անակնկալներ։ Միեւնոյն ժամանակ տեղի կ'ունենայ տօնական համերգ, որու ընթացքին ելոյթ կ'ունենան հայկական երգաշխարհի սիրուած երգիչները։Յունիս 1-ին բոլորը հրաւիրուած են Ազգային Ժողովի Պարտէզը։

ԱՐԺԱՆԹԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ։

Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Քիրշնըրի հրամանագիրով՝ Արժանթինի դեսպանատուն պիտի բացուի Երեւանի մէջ։ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանը կը տեղեկացնէ, որ Արժանթինի արտաքին ործոց նախարար Խորխէ Թայանա այդ առնչութեամբ յայտարարած է, որ ատիկա Արժանթինի առաջին դիւանագիտական առաքելութիւնն է Կովկասի մէջ։ Այս առթիւ շեշտուած է Հայ Համայնքի կարեւոր դերը Արժանթինի կեանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.