2009-05-28 13:32:03

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

91 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ, ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՀՌՉԱԿՈՒԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ։

91 տարիներ առաջ, այս օրերուն, հայ ժողովուրդը, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ, մէկ մարդու նման ծառացաւ արեւմտահայութիւնը բնաջնջելէն ետք Արեւելեան Հայաստանի վրայ արշաւած եւ Երեւանի դուռները հասած թրքական զինեալներուն դիմաց, եւ մահը անարգելով ու գերմարդկային ճիգերով մաքառելով յաջողեցաւ կասեցնել անոնց յառաջխաղացքը եւ պարտութեան մատնել զանոնք։ Այսպիսով վերջնական բնաջնջումէ փրկուեցաւ հայ ժողովուրդին մնացորդացը, եւ աւելի քան վեց հարիւր տարուան ստրկութենէ ետք ազատութեան եւ անկախութեան արշալոյսը ծագեցաւ հայոց հայրենիքի երկնակամարին վրայ։

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿՈՉ ԿՈՒՂՂԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ՝ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ԸՆԹԱՑՈՂ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ։Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման միամեայ գործընթացին։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը դիտել տուաւ, որ այսպէս կոչուած ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը ըստ էութեան ձախողած է, եւ կոչ ուղղեց Հայաստանի նախագահին՝ վերատեսութեան ենթարկելու իրականացուող քաղաքականութիւնը եւ կասեցնելու ընթացող բանակցութիւնները։



ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՁԵՒԱՉԱՓԸ ՁԵՌՆՏՈՒ ՉԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ (ԿԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ)։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նեկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, 26 մայիսին ՝՝Հայեացք՝՝ ակումբին մէջ ըսած է թէ ՝՝այսօր ղարաբաղեան տագնապի լուծման լաւագոյն ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբն է, քանի որ կ'ընդրկէ պետութիւններ, որոնք հակառակ անոր որ իրարու միջեւ որոշակի հարցեր ունին, բայց առնուազն հաւասարակշռութիւն կը յառաջացնեն Մինսքի խմբակին մէջ։Մինչեւ հիմա լուրջ կողմնապահութիւն, ըստ էութեան, չէ նկատուած։ Այս ձեւաչափը, ի հարկէ, ձեռնտու չէ Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ, որոնք երբեմն Ֆրանսան կը մեղադրեն հայամէտ ըլալլու մէջ, շատ յաճախ ալ՝ Ռուսիան։ Ձեւաչափը փոխելու անոնց նպատակը այն է, որ Մինսքի խմբակին մէջ ընդրկուին երկիրներ, որոնք պիտի պաշտպանեն Ազրպէյճանի շահը, եւ նախ եւ առաջ Թուրքիոյ կ'ակնարկեն ( նշած է Ա. Ռուստամեան)։

Ստեփանակերտի Օդակայանը Պիտի Բացուի Յաջորդ Տարի ։ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ- Մայիս 25ին սկսած են Ստեփանակերտի օդակայանի վերակառուցման նախապատրաստական աշխատանքները: Օդակայանի եւ ուղեւորային համալիրի կառուցման կապալառու՝ «Հորիզոն-95» շինարարական ընկերութեան տնօրէն Գագիկ Գալստեան, «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ երկարատեւ դադարէ մը ետք Արցախի մէջ առաջին օդանաւը կրնայ վայրէջք կատարել 2010 Հոկտեմբերին:  Այս աշխատանքներուն զուգընթաց, «Հորիզոն-95»ը պիտի սկսի Ստեփանակերտի գիւղամթերքի տարրալուծարանի եւ Շուշիի ԼՂՀ գլխաւոր դատարանի շէնքերու կառուցման ։








All the contents on this site are copyrighted ©.