2009-05-25 14:14:50

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 14րդ առաքելական ճամբորդութիւնը Իտալիոյ մէջ, ՜՜Գասինօ քաղաքը եւ Մոնէթէգասինօ Բենետիկտեան աբբայարան՝՝։


Մոնթէգասինօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, կիրակի մայիս 24ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յոյս յայտնեց որ Միացեալ Եւրոպան ըլլայ զօրակից եւ հաւատարիմ իր քրիստոնէական արմատներուն։ Մայիս 24ը նաեւ աղօթքի օր է Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար։

Կիրակի օրը Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կատարեց Ս. Պենետիկտոսի կողմէ հիմնուած աբբայարանը եւ անոր՝ Սուրբին դամբանին առջեւ աղօթեց որպէսզի եւրոպացիները հաւատարիմ մնան իրենց քրիստոնէական արմատներուն եւ կերտեն զօրավիգ ու միացեալ Եւրոպայ մը, հիմնուած՝ արդարութեան ու խաղաղութեան վրայ։ Յայտնենք թէ Ս. Պենետիկտոսը Մեթոտիոս եւ Կեղմէս սուրբ եղբայրներու հետ միասին պաշտպան սուրբն է Եւրոպայի։

Ողջ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր մօտիկութիւնը յայտնեց Չինաստանի հաւատացեալներուն, քանի կաթողիկէ Եկեղեցին մայիս 24ը հռչակած է ՜՜աղօթքի օր Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար՝՝։ Իմ մտածումս կ՝երթայ Չինաստանի բոլոր ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս կաթողիկէ Չինացիներուն խրախուսելով զանոնք որ միշտ հաւատարիմ մնան Քրիստոսի հաւատքին մէջ ու Ս. Պետրոսի յաջորդին։

2007-ի մայիս 27ին, Չինաստանի եկեղեցւոյ ուղղած իր նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց 24 մայիսը ,Չինաստանի համար աղօթքի օր։ Արդարեւ 24 մայիսին կաթողիկէ եկեղեցին կը տօնէ Օգնական քրիստոնէից Տիրամօր տօնը։ Իր այդ նամակով սրբազան հայրը կը խնդրէ կաթողիկէ աշխարհէն որ աղօթեն Չինաստանի քրիստոնեաներու միութեան եւ համայն Չինաստանի ժողովուրդին համակեցութեան ու ներդաշնակութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը Աստուածածնէն կը խնդրէ որ նեցուկ կենայ դժուարութեան մէջ ապրող՝ քրիստոնեաներուն։ Նորին Սրբութիւնը կ`աղօթէ որ հաւատացեալները դժուարութիւններու մէջ իսկ, նշմարեն Աստուծոյ սիրալիր ներկայութիւնը։ Սրբազան հայրը Ս. Կոյս Մարիամէն կը խնդրէ որ նեցուկ կենայ քրիստոնեաներուն իրենց առօրեայ դժուարութիւններու մէջ, որպէսզի անոնք բնաւ չվախնան խօսելու Յիսուսի մասին։ Հուսկ Հռոմի պապը կ`աղօթէ որ Չինաստանի հաւատացեալները միացած մնան ժայռին՝ այսինք կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Վերջապէս Սրբազան Հայրը Շեշանի Տիրամօր կը յանձնէ Չինաստանի կաթողիկէները, որպէսզի Ինք՝ Տիրամայրը իր մայրական հովանաւորութեամբ առաջնորդէ ու լուսաւորէ զանոնք։

Իր 14-րդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը այցելեց ՜՜եղբայրօգնութեան տունը՝՝ եւ ապա յետմիջօրէին ՜՜Պենետիկտեան աբբայարանին՝՝ մէջ գլխաւորեց, երեկոյեան ժամասացութիւնը Պենետիկտեան կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու մասնակցութեամբ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Վատիկանի դիւանագիտական կաճառի անդամները` ՜՜Քահանայապետի դեսպանները պէտք է հեռու կենան աշխարհիկութենէն եւ պաշտօնի մէջ առաջ երթալու ձգտումէն՝՝ ըսած է Նորին Սրբութիւնը։

23 Մայիս 2009ին, ընդունելով՝ քահանայապետական եկեղեցական կաճառի անդամները, Սրբազան Քահանայապետը, Ս. Աթոռի ապագայ դիւանագէտներէն խնդրեց ՜՜հեռու մնալ աշխարհիկ մտայնութեան ազդեցութիւններէն եւ մարդկօրէն հանգստաւէտ կամ պատուաբեր պաշտօնի մը փորձութենէն՝՝։

Դեսպաններու դպրոցի ուսանողներէն Քահանայապետը խնդրեց որ ՜՜ներքին ու հաստատ կառոյց մը ունենան եւ հոգեւոր ամրութիւն մը, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան մեծ ունակութիւն ժամանակակից մարդոց հետ կապի մէջ մտնելու, լաւագոյնս ի յայտ բերելու համար իրենց քրիստոնէական ու քահանայական ինքնութիւնը՝՝։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ՝ առաքելական դեսպանատուներու մէջ ծառայութիւնը հովուական աշխատանք մըն է, որ պէտք է միշտ ներշնչուի Աւետարանի ու Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ցուցմունքներէն։ Հուսկ Սրբազան հայրը յիշեցուց թէ ՜՜ Տիրոջ այգիին մէջ նուիրումով, զոհաբերումով ու սիրով աշխատող անձին աշխատանքը ի զուր տեղ չերթար՝՝։ Յայտնենք թէ քահանայապետական եկեղեցական կաճառը հիմնուած է 1701ին ՜՜Կեղմէս ԺԱ Հռոմի Պապի՝՝ կամքով, լաւագոյնս պատրաստելու երիտասարդ կղերը դիւանագիտական մարզին մէջ։ 308 տարիէ վերոյիշեալ կաճառը կը պատրաստէ եկեղեցական դիւանագէտներ, որոնք կը գործեն առաքելական դեսպանատուներու եւ Պետական Քարտուղարութեան մէջ։



Երկուշաբթի 25 Մայիս 2009 ի առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,

Ապա ընդունեց կարտինալ Անճելօ Պանիասքօ՝ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Տիկին Ռիդա Լեվի Մոնդալչինին՝ նոպելեան մրցանակակիր եւ անդամ գիտութեանց քահանայապետական կաճառին եւ Տիար Քայդազի` մակեդոնիոյ դեսպանը` ողջերթի այցելութիւն։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.