2009-05-25 14:15:23

Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ


Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ



Հոն պիտի տեսնենք զինք

Հայրենեաց մէջ յարաժամ

Պիտի տեսնենք մենք Մարիամ

եւ Իրմով զմայլինք։



Հոն պիտի տեսնենք զինք

Այս է դարման մեր ցաւոց

Աս արտասուաց հովիտին ծոց

Ուր նժդեհ կը շրջինք։



Հոն պիտի տեսնենք զինք

Զուարթնոց հետ միատեղ

Պիտի գովենք իրեն գեղ

Երջանիկ միշտ լինինք։



Հոն պիտի տեսնենք զինք

Պիտի մերձինք իր գահին

Առնունք թագեր երկնային

Իրեն հետ գահ բազմինք։



Հոն պիտի տեսնենք զինք

Աստուածամայրն երկնագով

Պիտի երթանք իրեն քով

Իր սիրով տոգուրուինք



Հոն պիտի տեսնենք զինք

Երթանք երկրէ շատ հեռու

Սրտին վրայ Մարիամու

Խաղաղիկ միշտ հանգչինք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.