2009-05-25 14:13:04

Լուրեր հայկական կեանքէն

Շարադրական մրցանք Եունէսքօ-ի հովանաւորութեամբ- Լիբանան


Նախաձեռնութեամբ Մոնթանա քոլեճի եւ հովանաւորութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, տեղի ունեցած է բարձրագոյն վարժարաններու շարադրական մրցում մը, որուն կը մասնակցէին 30 բարձրագոյն վարժարաններէ 115 աշակերտ-աշակերտուհիներ, ու անոնց շարքին՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու՝ Հռիփսիմեանց երկրորդական վարժարանը որը կը հանդիսանար մասնակցող միակ հայկական վարժարանը ։

Շարադրական մրցումին նիւթը ճշդուած էր, աշխարհի տարածքին աղքատութեան կանխարգիլումը, ուր երկրորդական դասարաններու մասնակցող աշակերտները օտար լեզուներով՝ ֆրանսերէն կամ անգլերէն, պիտի արտայայտէին իրենց միտքերն ու գաղափարները եւ զանոնք հիմնաւորելով՝ բանաձեւուած պիտի ներկայացնէին քննիչ մարմինին, որ իր կարգին զտումներ կատարելով՝ պիտի հասնէր լաւագոյն ընտրանքներուն։ Հռիփսիմեանցի թեկնածու Ժանին Հալէպեան 10-րդ դասարանէն յաջողեցաւ գրաւել հինգերորդ դիրքը՝ արժանանալով քննիչ մարմինի բացառիկ գնահատանքին։



Սրբուհի Ռիթայի տօնակատարութիւն Պէյրութի իր ուխտատեղիին մէջ

Ամէն տարի Սրբուհի Ռիթայի տօնը մեծ արարողութեամբ կը նշուի Պէյրութի

մէջ. արդարեւ կիրակի, 24 մայիսի յետմիջօրէին, Ռաուտայի ուխտատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ձայնաւոր պատարագ, որուն յաջորդեց աւանդական նշխարահամբոյր եւ վարդերու օրհնութիւն։

Պատարագեց եւ այս առիթով հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղեց Ս Ռիթայի ուխտավայրի լուսարարապետ Մեսրոպ Ծ վրդ Սիւլահեան։ Ան նկատել տուաւ, որ բոլորս եկած ենք ուխտի, իւրաքանչիւրս սրբուհիէն փափաք, իղձ կամ բարիք մը հայցելով։ Հայ ժողովուրդը միշտ եղած է ուխտաւոր ուզած է միշտ ըլլալ Քրիստոսի առաքեալ, անոր մօտիկ եւ բարեկամ, հաստատեց Մեսրոպ Ծ վրդ Սիւլահեան՝ աւելցնելով, որ սուրբերուն նպատակը եղած է հետեւիլ Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի եւ իր առաքեալներուն գծած ուղիէն քալել։ Այս է, որ կատարած է սրբուհի Ռիթա, շեշտեց ան՝ բացատրելով, որ իւրաքանչիւր անձ պարտականութիւն ունի ոչ միայն երթալու ուխտի, այլ ունենալու հոգեկան դարձ, որովհետեւ մեր քրիստոնեայ ըլլալուն միակ նպատակը սուրբ ըլլալն է, ինչ որ բոլորիս պարտականութիւնն է։

Մեսրոպ Ծ վրդ Սիւլահեան աւելցուց, որ սուրբերը իրենք իրենցմէ բան չեն կրնար ընել, այլ կրնան մեզի համար շնորհներ ընդունիլ, այնքան ատեն, որ մեր սիրտը եւ խիղճը մաքուր են։ Ան բացատրեց, որ ուխտաւորը ճամբայ կը կտրէ յոյսով, որ պիտի հասնի սրբազան վայր մը, որ պիտի լիանայ Աստուծմով։



Գարնանային աշակերտական ցուցահանդէսի –Լիբանան

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ ՜՜ Հարպոյեան՝՝ վարժարանի տնօրէնութեան, շաբաթ, 23 մայիս 2009-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս Խաչ եկեղեցւոյ Պետօղլեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գարնանային անդրանիկ աշակերտական ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ արուեստասէրներու։

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ Գ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ հաստատեց, թէ գեղանկարչութիւնը եւ ընդհանրապէս արուեստի բոլոր տեսակները մարդ արարածին հոգին կազնուացնեն ու ներաշխարհը կը բիւրեղացնեն։

Պոյաճեան ըսաւ, թէ կրթական տարեշրջանի սկզբնաւորութեան մշակուած է գեղանկարչութեան ու քանդակի բաժանմունք բանալու ծրագիրը, եւ հետագային երեք ամսուան աշխատանքներէ ետք արդէն կարելի եղաւ կազմակերպել այս ցուցահանդէսը։

Բացման խօսքէն ետք տարիքային երեք բաժանմունքներով բաժնուեցան մրցանակներ։ Ապա վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան ու գեղանկարչական բաժնի պատասխանատու Վարդ Մեսրոպեան առաջին հանդիսացող աշակերտներուն յանձնեցին նիւթական պարգեւներ, իսկ մինչեւ Բ եւ Գ դիրքը գրաւողներուն՝ գրենական իրեր։ 5-17 տարեկան աշակերտները գծած էին ծաղիկներ, անասուններ եւ բնութեան տարբեր տարրեր, որոնք գարնանային գոյներու գեղեցիկ համերաշխութեամբ գործերուն կու տային յատուկ փայլք։








All the contents on this site are copyrighted ©.