2009-05-25 13:26:52

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ'ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄ ՇՆՈՐՀԵԼՈՒ ՔԱՅԼԸ։

՝՝Փանորամա՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ողջունած է Հայաստանի նախագահի համաներում յայտարարելու վերաբերող քայլը։ Անհրաժեշտ էր ատիկա աւելի կանուխ կատարել(այտարարած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան, ուրբաթ, 22 մայիսի Ազգային ժողովի զրոյցներուն ընթացքին)։ Անոր համաձայն, համաներումը ճիշդ քայլ պիտի ըլլայ ստեղծուած լարուած քաղաքական իրավիճակին համար եւ որոշ թեթեւութիւն պիտի բերէ քաղաքական դաշտին։ Բայց միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ մոռնալ, որ սպանութիւններու դէպքերը պէտք է բացայայտուին ու դատապարտուին։ Առանց անոնց լիարժէք բացայայտման, նոր Մարտ 1երու կանխումը կարելի պիտի չըլլայ(աւելցուցած է պատգամաւորը)։

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒԱԾ ՄԶԿԻԹ ՄԸ ՊԻՏԻ ՓԱԿԷ։

Թրքական ՝՝worldbulletin.net՝՝ կայքէջը կը յայտնէ, թէ Ազրպէյճան կը շարունակէ մզկիթներ փակելու խորհրդային ժամանակաշրջանի գործելաոճը։ Սոյն կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սեհիթլիք եւ Տիանեթ մզկիթներու փակումէն ետք ներկայիս Պաքուի պետական համալսարանի աստուածաբանական դպրոցի մզկիթը պիտի փակուի։ Ազրպէյճանցիները այն մտավախութիւնը ունին, թէ 27 այլ մզկիթներ(որոնք խորհրդային ժամանակաշրջանէն վերապրած են) կրնան նոյն ճակատագիրին ենթարկուիլ։Ազրպէյճանի մէջ կրօնական հաստատութեանց պատասխանատու Հիտայաթ Օրուքով յայտնած է, որ հին Պաքուի մէջ 32 մզկիթներէն 27-ը ՝՝ապօրինի՝՝ են եւ ակնարկութիւն կատարած, որ այդ մզկիթները պիտի փակուին։ Ազրպէյճան ՝՝Մոհամէտ մարգարէ՝՝ կոչուած մզկիթ մը քանդած էր, ինչպէս նաեւ Փեթրոլ կղզիին վրայ գտնուող այլ մզկիթ մը, եւ փակած ՝՝Շեհիթլիք մզկիթը՝՝ որ կառուցուած էր Թուրքիոյ կրօնական հարցերու վարչութեան կողմէ։

Պատմական ինքնաքննարկում՝ Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողանի կողմէ։ Յունական լրատուամիջոցները արձագանգ հանդիսացան երէկ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն։Արդարեւ ան Շաբաթ օր խօսելով AKP(Արդարութիւն-Բարգաւաճում Կուսակցութիւն) կուսակցութեան տեղական խորհրդաժողովի մը ընթացքին, ըսած է թէ ՝՝ֆաշիստական մտածողութեան արդիւնք էր, անցեալին իրագործուած Թուրքիայէն վտարումը բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ազգային պատկանելիութիւն ունէին՝՝։ Տարիներ շարունակ մեր երկրէն ներս որոշ դէպքեր արձանագրուեցան։ Շահաւոր ելա՞նք արդեօք այդ քաղաքականութենէն։ Պէտք է նստիլ եւ խորհիլ ասոր մասին։ Բայց ոեւէ մէկը պաղարիւնութեամբ չի խորհիր այս հարցերու մասին։ Մենք ալ գործած ենք այս սխալները, բայց երբ

պաղարիւնութեամբ կը մտածէ մէկը, կանդրադառնայ մեր գործած սխալներուն մասին(ըսած է Էրտողան)։ Թրքական թերթերը ՝՝պատմական ինքնաքննարկման՝՝ մասին խօսք ըրած են Վարչապետի այս արտայատութեանց կապակցութեամբ, իսկ ՝՝Վաթան՝՝ օրաթերթը հրատարակած է գրութիւն մը՝՝Պոլսոյ Յոյներուն դէմ գործուած բռնութիւններու մասին՝՝։ Նոյն գիծին վրայ են ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ եւ ՝՝Ռատիքալ՝՝ թրքական թերթերն ալ։

Ախալցխայի Սուրբ Նշան Բռնագրուած Եկեղեցին։

Վրաստանի աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութիւններուն կողմէ Ջաւախքի Ախալցխա քաղաքի բռնագրաւուած Եկեղեցին Սբ. Նշանը, որը ՝՝վիճելի՝՝ յայտարարելու ճանապարհով, յետխորհրդային շրջանի սկիզբէն, արդէն խլուած է հայութեան ձեռքէն, այժմ դարձած է վրացի ՝՝փողոցայիններու՝՝ թմրամոլներու ու գինով մարդոց այցելութեան վայր, շատ մը պարագաներու նաեւ՝՝բնակութեան՝՝ վայր։ Ախալցխայի Երիտասարդական կեդրոնի ներկայացուցիչներուն կողմէ պարբերաբար միջոցառումներ ձեռք կ'առնուին Եկեղեցին մաքրելու եւ ապահով պահելու գծով։ Նշենք, որ Մայիսի 12-ին Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցին կը նշէր Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատման տօնը, որու առիթով վրացի ուխտաւորներ այցելեցին Ախալցխայի Սուրբ Նշան Եկեղեցին։ Ըսենք նաեւ թէ Սուրբ Նշան Եկեղեցին վրացիները վերանուանած են Իովանէ Նաթլիսմցեմելի (Յովհաննէս Մկրտիչ) անունով.....

All the contents on this site are copyrighted ©.