2009-05-24 14:29:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 14րդ առաքելական ճամբորդութիւնը Իտալիոյ մէջ, ՜՜Գասինօ քաղաքը եւ Մոնէթէգասինօ Բենետիկտեան աբբայարան՝՝։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 14րդ առաքելական ճամբորդութիւնը Իտալիոյ մէջ, ՜՜Գասինօ քաղաքը եւ Մոնէթէգասինօ Բենետիկտեան աբբայարան՝՝։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քարոզր ուղղուած Գասինօյի հաւատացեալներուն։



Իր հովուական 14-րդ ճամբորդութեան ընթացքին, Մայիս 24-ին, Սրբազան Քահանայապետը կ՝այցլէ Ս.Պենետիկտոսի ապրած վայրը` Մոնդէգասինօ պենետիկտեան աբբայարանը։ Իր այս այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը բացօդեայ պատարագ մատուցեց Գասինօ քաղաքին կեդրոնական հրապարակը եւ օրհնեց կարօտեալներու ի նպաստ նոր կեդրոնը։ Յետմիջօրէին կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը։

Կէս ժամուայ թռիչքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն Գասինօ հասաւ առաւօտեան ժամը 9.30ին։

Բարի գալուստի արարողութենէն ետք Սրբազան Հայրը 10.15ին բացօդեայ պատարագ մատուցեց Գասինօ քաղաքին կեդրոնական հրապարակը որ Մայիս 24էն սկսեալ կը կոչուի ՜՜ՊԵնետիկտոս ԺԶ.՝՝ ի անուան հրապարակ։

Յաւարտ Ս. Պատարագին նորին Սրբութիւնը ՜՜Ողջ լեր թագուհի՝՝ մարեմեան աղօթքը արտասանեց եւ ապա ուղղուեցաւ եղբայրօգնութեան տունը, ուր օրհնեց ՜՜կարօտեալներու ի նպաստ՝՝ նոր կեդրոնը։

Ժամը 13.30ին Սրբազան Քահանայապետը հասաւ Մոնթէգասինօ աբբայարանը, հիմնուած Ս. Պենետիկտոսէն 529 թուականին։ Աբբայարանը կը գտնուի 500 մեթր բարձրաւանդակի մը վրայ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երբ կարտինալ էր բազում անգամներ այցելած էր սոյն աբբայարանը։

Երեկոյեան ժամը 5-ին Սրբազան Հայրը գլխաւորլեց ժամասացութիւնը մասնակցութեամբ՝ պենետիկտեան հայրերուն եւ կրօնաւորներուն։ Ժամասացութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը պահ մը կանգ առաւ սուրբ Պենետիկտոսի եւ սրբուհի Սքոլասդիքի դամբաններուն առջեւ։ Յայտնենք թէ սրբուհի Սքոլասդիք՝ հիմնադրուհին է՝ ՜՜Պենետիկտեան իգական միաբանութեան՝՝։

Ժամասացութեան աւարտին Հռոմի Պապը կ՝ուղղուի լեհ զինւորականներու գերեզմանը աղօթելու աշխարհի բոլոր պատերազմներու զոհ զինուորներուն համար։ Սրբազան Քահանայապետին Վատիկան վերադարձը կը նախատեսուի ժամը 18.30ին։ Նշենք թէ Մոնթէգասինոյի հովուական այցելութիւնը, առաջինն է Նորին Սրբութեան այս տարի Իտալիա կատարելիք չորս ճամբորդութիւններուն ։ Սրբազան Հայրը յաջորդաբար պիտի այցելէ.




Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քարոզր ուղղուած Գասինօյի հաւատացեալներուն։



Այսօր Իտալիոյ մէջ կը տօնախմբուի Քրիստոսի համաբարձման տօնը, Նորին սրբութիւնը իր քարոզը կեդրոնացուց համաբարձամ տօնին նշանակութեան վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Յիսուս այս աշխարհէն չհեռացած իր առաքեալներուն ըսաւ. դուք զօրութիւն պիտի առնէք, երբ Հոգին Սուրբ իջնէ ձեր վրայ՛ Դուք պիտի ըլլաք իմ վկաներս` Երուսաղէմ, ամբողջ Հրեաստանի մէջ, Սամարիա եւ մինչեւ երկրին ծայրերը։ Այս խօսքերէն ետք, մինչ անոնք կը նայէին, Յիսուս վերացաւ եւ ամպ մը խլեց զինք անոնց աչքերէն։ Առաքեալները Երուսաղէմ վերադարձան ուրախութեամբ համակուած։ Անոնց ուրախութեան պատճառն է խաչցեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսը ողջ է։ Քրիստոս այլեւս ցմիշտ Երկինքի Արքայութեան դուռը բաց պիտի թողու համայն մարդկութեան։ Ուստի Քրիստոս երկինք համբարնալով նոր շրջան մը բացաւ։ Ան միշտ ներկայ կը մնայ մեր մէջ։ Արդարեւ Մատթէոս աւետարանիչը կը գրէ. Յիսուս երկինք համբարնալէն առաջ իր առաքեալներուն ըսաւ. ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր այսօրուան տօնախմբութիւնը կը հրաւիրէ մեզ ամրապնդելու մեր հաւատքը Յիսուսի մէջ, առանց Յիսուսի օգտակար ոչինչ կարող ենք կատարել։ Ինք կու տայ պարգեւներ, որ ըլլան ոմանք առաքեալներ, ոմանք մարագրէներ, ոմանք աւետարանիչներ, ոմանք հովիւներ կամ վարդապետներ, հաստատութեան համար սուրբերու առաքելութեան գործին, ի կառուցումն Քրիստոսի Մարմնին, մինչեւ որ ամէնքս հասնինք միութեան, միեւնոյն հաւատքին եւ միեւնոյն ճանաչումին մէջ Աստուծոյ Որդիին կազմելու համար այս կատարեալ մարդը, որ կ՝իրականացնէ Քրիստոսի լրումը։ Որպէսզի այնուհետեւ չըլլանք տղաներու պէս որոնք կը խռովին եւ կը տատանին ամէն տեսակ վարդապետութեան հովերէ, չիյնանք սխալի մէջ, մարդոց խաբէութեամբ եւ անոնց խորամանկութեամբ մոլար վարդապետութեան, այլ ապրելով ճշմարտութեամբ սիրոյ մէջ, ամէն ինչ աճեցնենք անոր մէջ որ Գլուխն է Քրիստոս։

Այդ տեսակէտէն մեկնած, իմ այցելութիւնը ձեր մէջ ունի որպէս կէտնպատակ քաջալերել ձեզ հաստատ մնալու Քրիստոսւի հաւատքի մէջ։ Ինչպէս Սուրբ Պենետիկտոս ամէնուս ցոյց կու տայ ճամբան. ամէնէն առաջ եւ միշտ նախնտրութիւն տուէք Քրիստոսւի։

Ապա Սրբազան Հայրը կ`ընդգծէ Մոնթէգասինօ աբբայարանին յոյժ կարեւորութիւնը քրիստոնեայ Եւրոպայի համար։ Ս. Պենետիկտոս եղաւ հիմը եւրոպական մշակոյթին։ Աբբայարանի մատենադարանը ինքնին ապացոյց մըն է բոլոր այն այրերուն ու կիներուն որոնք աշխատեցան բարւոգել մարդուն հոգեւոր ու նիութական կեանքը։ Անոնք այդ կարողացան իրագործել որովհետեւ իրենց կեանքին ընթացքին նախ զԱստուած փնտռեցին։ Սիրեցեալ հաւատացեալներ` դուք վկաներն էք այդ ժառանգուրդեան։ Աշխատեցէք Քրիստոսի անունով կերտել նոր մարդաբանութիւն մը, կարօտեալին օգնութեան հասնելով յանուն հիւրընկալութեան ու եղբայրօգնութեան արժէքներու։ Թող ս. Պենետիկտոսը եւ անոր քոյրը սրբուհի Սգոլասդիքան լուսաբանեն ձեր ուղղեները եւ Մարիամ` մայրը Եկեղեցւոյ եւ Աստղը մեր յոյսին պահպանէ ու պաշտպանէ ամէնքդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.