2009-05-24 14:29:25

Պենետիկտիոս ԺԶ Քահանայապետը 24 մայիսը հռչակած է ՜՜Չինաստանի համար աղօթքի օր՝՝։


Պենետիկտիոս ԺԶ Քահանայապետը 24 մայիսը հռչակած է ՜՜Չինաստանի համար աղօթքի օր՝՝։



2007-ի՝ 27 մայիսին, Չինաստանի եկեղեցւոյ ուղղած նամակին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետը, հաստատեց ՜՜24 Մայիսը՝ Չինաստանի համար աղօթքի օր՝՝։ Արդարեւ 24 մայիսին կաթողիկէ եկեղեցին կը տօնէ ``Օգնական քրիստոնէից`` Տիրամօր տօնը։

Իր այդ նամակով, Սրբազան Հայրը կը խնդրէ կաթողիկէ աշխարհէն, որ, աղօթեն ՜՜Չինաստանի քրիստոնեաներու միութեան եւ համայն Չինաստանի ժողովուրդին համակեցութեան ու ներդաշնակութեան համար՝՝։ Նորին Սրբութիւնը Ս. Աստուածածնէն կը խնդրէ որ, նեցուկ կենայ դժուարութեան մէջ ապրող քրիստոնեաներուն։ Նորին Սրբութիւնը կ`աղօթէ որ հաւատացեալները դժուարութիւններու մէջ իսկ՝ տեսնեն Աստուծոյ սիրալիր ներկայութիւնը։

Սրբազան հայրը Ս. Կոյս Մարիամէն կը խնդրէ ՜՜նեցուկ կենալ քրիստոնեաներուն իրենց առօրեայ դժուարութիւններու մէջ՝՝, որպէսզի անոնք բնաւ չվախնան խօսելու Յիսուսի մասին։ Հուսկ Հռոմի Պապը կ`աղօթէ որ Չինաստանի հաւատացեալները միացած մնան ժայռին՝ որ է ՜՜կաթողկէ եկեղեցին՝՝։ Վերջապէս Սրբազան Հայրը Շեշանի Տիրամօր կը յանձնէ Չինաստանի կաթողիկէները, որպէսզի Ան իր մայրական հովանաւորութեամբ՝ առաջնորդէ ու լուսաւորէ զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.