2009-05-22 14:17:23

Լուրեր հայկական կեանքէն



Խրուաթիոյ Նախագահին առաջին պաշտօնական այցը Հայաստան


Ընդառաջելով՝ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով այսօր Խրուաթիոյ Նախագահ Ստյեպան Մեսիչը պաշտօնական այց կը կատարէ Հայաստան. ասիկա Խրուաթիոյ Նախագահին առաջին պաշտօնական այցն է Հայաստան: Այցի հիմնական նպատակն է ամրապնդել միջպետական կապերը, նախանշել երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան առաջնային ուղղութիւններն ու խնդիրները եւ խթանել գիտակրթական եւ մշակութային կապերու զարգացումը: Այս առթիւ պիտի ստորագրուին միջկառավարական փաստաթուղթեր: Նաեւ՝ Հայաստանի եւ Խրուաթիոյ ղեկավարները հանդէս պիտի գան համատեղ մամուլի ասուլիսով: Ստյեպան Մեսիչը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ԱԺ նախագահ՝ Հովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ, պիտի ընդունուի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսէն:

Խորուաթիոյ Նախագահը նաեւ պիտի այցելէ Մեծ եղեռնի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ դնելու՝ զոհերու յուշակոթողին, պիտի այցելէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը,եւ պիտի այցելէ Մատենադարանը ։

Երեւանի պետական համալսարանի մէջ Ստյեպան Մեսիչը հանդիպում պիտի ունենայ Փրոֆեսորադասախօսական կազմի եւ ուսանողներու հետ: Մայիս 23-ին վերջ կը գտնէ նախագահ Մեսիչի այցելութիւնը Հայաստան:

Հայ Ճարտարագիտական Խումբը Կը Շարունակէ Նոր Կարելիութիւններ Բանալ Հայաստանի Ժողովուրդին

Իր հիմնադրութեան 20րդ տարուան ընթացքին, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին սպասարկող եւ Ֆրեզնօ հաստատուած Հայ ճարտարագիտական խումբը հողագործութեան խնայողական նոր միջոցներ սկսած է տարածել Հայաստանի մէջ՝ առիթ ընծայելով հայ հողագործներուն, որ նուազ ծախսերով ու նորագոյն ճարտարագիտութեան օգտագործումով աւելի արդիւնաբեր արտադրութիւններ իրագործեն, աւելի մեծ շահեր ապահովելով:  Հայ ճարտարագիտական խումբը արդէն իսկ 12 տարիներ տրամադրած է Հայաստանի մէջ հողագործական սերմերու մնայուն պահեստ մը ապահովելու նպատակին: Ծրագիրը արդէն իսկ դրական ազդեցութիւն ձգած է երկրին տնտեսութեան վրայ, որովհետեւ անոր շնորհիւ կարելի եղած է հացահատիկներու տեղական արտադրութիւնը զգալիօրէն աւելցնել՝ նուազեցնելով անոնց ներածումները: ԱՄՆ.ի հողագործութեան նախարարութիւնը եղած է այս երկարամեայ ծրագիրին կարեւոր հովանաւորներէն մէկը: Յառաջիկայ քանի մը տարիներուն համար, խումբը որոշած է գործել՝ երկրագործութեան համար օգտագործուող հողը աւելի բարեբեր դարձնելու համար:  Սոյն ծրագրին նպաստած է նաեւ ամերիկահայ միլիառատէր Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» մարդասիրական հիմնարկը, որ յատկանշական ներդրում բերած է՝ նպաստելով Հայաստանի ժողովուրդին գործի կարելիութիւններ ու միաժամանակ ուտեստեղէնի ապահովում:








All the contents on this site are copyrighted ©.