2009-05-21 13:51:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց Վատիկան քաղաքի նոր դատաւոր


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց Վատիկան քաղաքի դատաւոր իտալացի Փիեռօ Անթոնիօ Պոննէ։ ՜՜Եկեղեցական կանոնագիրքի մասնագէտ՝՝ այս նոր դատաւորը կը յաջորդէ Ճիանլուիճի Մառոնէին որ վախճանեցաւ անցեալ փետրուարին ։ Յայտնենք թէ՝ Վատիկան քաղաքը իր իւրայատուկ քաղաքացիական ատեանը ունի։ Թէեւ Քահանայապետին ձեռքն է դատական իշխանութիւնը, սակայն ան իր պաշտօնը կը յանձնէ ատեաններուն, որոնք հիմնուեցան 7 Յունիս 1929ին։ Վատիկանը ունի մէկ դատաւոր, ատեան մը, բողոքարկու ատեան մը եւ վճռաբեկ ատեան մը, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ատեաններ։



Վատիկանը նոր Կայքէջ մը կը բանայ նոր սերունդին համար /a>

Ընկերային հաղորդակցութեան 43րդ օրուան նախօրեակին, Վատիկանի Ընկերային Հաղորդակցութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Վատիկանը նոր Կայքէջ մը կը բանայ ուղղուած երիտասարդութեան /a> ՝՝Հոռմի Պապը քեզի համար՝՝ կայքէջը, կապուած է ‘Facebook’ցանցին եւ կամ H2O News շղթային հետ։

Այս նոր կայքէջով, այժմ տրամադրելի ՜՜իտալերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, անգլերէն եւ գերմաներէն՝՝ լեզուներով, Վատիկանի Ընկերային Հաղորդակցութեան Քահանայապետական խորհուրդը կը նպատակադրէ իր պատգամը ուղղել նոր սերունդին, անոր հաղորդելով վատիկանեան լուրեր եւ Հռոմի Պապի գործունէութիւնները։

Ընկերային հաղորդակցութեան 43րդ օրուան առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ, յատկապէս ուղղուած կաթողիկէ նոր սերունդին, կը խրախուսէ ՜՜որ ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցաւ վկայութիւն տան իրենց հաւատքին եւ հաղորդեն իրենց հասակակիցներուն, այն արժէքները որ հիմը կը կազմեն իրենց կեանքին՝՝ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կը յանձնարարէ զանոնք Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու ու տարածելու հրաւիրելով զանոնք հսկելու ու ծաւալելու յարգանքի, երկխօսութեան եւ ճշմարիտ բարեկամութեան մշակոյթ մը։



Ուրբաթ առաւօտ Նորին սրբութիւնը յաջորդաբար իր գրասնեակին մէջ կ՝ընդունի Պուլկարիոյ նախագահ Բարվանով եւ ապա Մակետոնիայի նոր նախագահը տիար Իվանով։

Իսկ մայիս 29ին Վատիկանի արտգործնախարար գերապայծառ Մամպերթին պատարագ կը մատուցէ ֆրանսայի հանրապետութեան դիտաւորութեան համար Ս. Պետրոս տաճարի ՜՜Սրբուհի Բեդրոնիլի՝՝ մատուռը, ուր կը հանգչին իր աճիւնները։ Պատարագին կը մասնակցին Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ֆրանսայի դիւանագիտական մարմինը, հռոմաբնակ եկեղեցականներն ու կրօնաւորուհիները։ Սրբուհի Բեդրոնիլ մաս կը կազմէ ֆրանսայի պաշտպան սրբուհիներուն։ Ամէն տարի, Մայիս ամսոյն աւարտին պատարագ կը մատուցուի ֆրանսայի հանրապետութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.