2009-05-21 13:01:28

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻ ԿԻՊՐՈՍԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԸ։ Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի մէջ Կիպրոսի նոր նշանակուած դեսպան Փեթրոս Քեսթորաս։ Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ ընդգծած է Կիպրոսի հետ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը եւ երկու ժողովուրդներու պատմականօրէն ձեւաւորուած մեծ յարգանքը իրարու նկատմամբ։ Դեսպան Քեսթորաս նախագահ Սարգսեանին հաղորդած է Կիպրոսի նախագահ Տմիթրիս Խրիսթոֆիասի ջերմ ողջոյնները։ Կողմերը հայ-կիպրական յարաբերութիւնները գնահատած են գերազանց եւ համաձայնած են, որ անոնք ունին փայլուն ապագայ։ Դեսպան Քեսթորաս շնորհակալութիւն յայտնած է միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ Կիպրոսի հարցով Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշման համար։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՆՈՐ ԱՐՏԱԴՐԱՄԱՍԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 մայիսին կատարած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։ Խորհուրդը լսած է Հայաստանի մէջ հիւլէական նոր արտադրամասի կառուցման ծրագիրի ներկայ փուլին վերաբերեալ Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանի զեկուցումը, քննարկած է այդ ուղղութեամբ մինչեւ այսօր իրականացուած քայլերը եւ անոնց հաւանութիւն տուած է։

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՄԻՏՔԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ։ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը։ Հայաստանի վարչապետը կարեւոր նկատած է Հայաստան - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն համագործակցութիւնը եւ տնտեսական տագնապը մեղմացնելու ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան կառավարութիւններուն կատարած քայլերը։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան։

ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ 500 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ՎԱՐԿԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ։ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան եւ Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախարար Ալեքսէյ Քուտրին երէկ Մոսկուայի մէջ ստորագրեցին 500 միլիոն տոլար վարկի համաձայնագիր։ Ըստ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին, վարկը կը տրամադրուի 15 տարուան ժամկէտով՝ ԼԻՊՈՐ + տարեկան 3 տոկոսով, ինչ որ ներկայիս 4 տոկոս է։ Տիգրան Դաւթեան ըսած թէ վարկի պայմանները համարժէք են Հայաստանի տնտեսութեան մէջ առկայ խնդիրներուն։ Այս համաձայնութիւնը կը հաստատէ երկկողմանի ռազմավարական գործընկերութեան բարձր մակարդակը, (յայտարարած Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարը)։

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻ ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԸ։ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է Հայաստանի նախագահի 2008 թուական մրցանակին արժանացած պատմաբան Վահագն Տատրեանը, որ մեծ ներդրում ունի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման գործին մէջ,Վահագն Տատրեան իր ամբողջ էութիւնը նուիրած է այս դատին։ Նախարարը շնորհաւորած է Վահագն Տատրեանը նախագահի այդ բարձր պարգեւը ստանալուն առիթով, եւ մաղթած է երկար տարիներու կեանք եւ առողջութիւն։ Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են Սփիւռք-Հայաստան, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու զարգացման խնդիրները։








All the contents on this site are copyrighted ©.