2009-05-20 13:36:05

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հանդիպումը Լեհաստանի նախագահին հետ։


Երկուշաբթի օրը' 18 Մայիս 2009 ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լեհաստանի Նախագահ՝ Լեխ Քաշինսքին ։ Լեհաստանի նախագահը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր, Լեհ ժողովուրդին հանդէպ իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար։

Նոյնպէս, Լեհաստանի նախագահը տեսակցութիւն ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի հետ։ Խօսակցութիւնները շօշափեցին երկկողմանի հարցերը եւ ընդգծուեցաւ Ս. Աթոռի եւ Լեհաստանի մօտուցումներու միատեսութիւնը միջազգային շատ մը մարզերու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.