2009-05-20 13:30:57

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՖԱՍԻԷ ՀԱՅ - ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ Անգարայի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի, արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Կիւրճան Թորօղլուի եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Էրթուղրուլ Ափաքանի հետ։

Հանդիպումներուն ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոնացնելու եւ շրջանային գործընթացներուն վերաբերեալ։ Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, նկատի առնելով վերջին իրադարձութիւնները, հասունցած է շրջանին մէջ շահեր ունեցող բոլոր կողմերուն դիրքորոշումները ճշդելու անհրաժեշտութիւնը, եւ այդ է ֆրանսացի դիւանագէտին այցելութեան նպատակը։ Թրքական Զաման օրաթերթը կը մէջբերէ Պեռնար Ֆասիէի խօսքերը, զորս ան ըսած է Պաքուի մէջ ՝՝Հայ-ազրպէյճանական տագնապը պէտք չէ խոչընդոտէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը, անոնք տարբեր եւ զուգահեռ գործընթացներ են՝՝։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 18-ՐԴ ՆԻՍՏ։ 18 Մայիսին տեղի ունեցած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 18-րդ նիստը, զոր վարած է խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ծրագիրներուն աջակցութիւն ցուցաբերած եւ մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարէն աւելի նուիրաբերած գործարարներ Սամուէլ Կարապետեանին, Սերկէյ Համբարձումեանին, Գագիկ Ծառուկեանին, Սէյրան Կարապետեանին, Կենատի Ստեփանեանին, Էդիկ Խաչատրեանին, ինչպէս նաեւ ՝՝Վիվասել՝՝ եւ ՝՝Հայռուսկազարդ՝՝ ընկերութիւններուն շնորհուած է հիմնադրամի պատուոյ անդամի վկայագիր։ Հոգաբարձուներու խորհուրդը Արա Վարդանեանը հաստատած է հիմնադրամի գործադիր վարչութեան տնօրէնի պաշտօնին վրայ։ Խորհուրդի կազմին մէջ ընդրկուած է Սփիւռքի նախարարի պաշտօնը։ Խորհուրդի նախագահի տեղակալի պաշտօնը ստանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան։



ՀայկականՑեղասպանութեան Բանաձեւը Հովանաւորողներուն Թիւը 125ի Կը Հասնի։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երեքշաբթի, Մայիս 19ին հաղորդեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող թիւ 252 բանաձեւը հովանաւորող քոնկրէսականներուն թիւը հասած է 125ի, երբ դեմոկրատ չորս ներկայացուցիչներ՝ Պրուս Պրէյլի (Այոուայէն), Փիթըր Քեֆազիօ (Օրիկընէն), Պապի Ռաշ (Իլինոյէն) ու Ճան Եարմութ (Քընթաքիէն) միացած են հովանաւորողներու խումբին:  Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը 111րդ Քոնկրէսին ներկայացուեցաւ Մարտ 17ին, քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆի, Ճորճ Ռատանովիչի, Ֆրէնք Փըլոնի եւ Մարք Քըրքի կողմէ:Ան կրկնօրինակն է Քոնկրէսին ներկայացուած 110րդ բանաձեւին, որ վաւերացուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին Յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ: Այդ բանաձեւը կը վայելէր այդ օրերուն ծերակուտականներ՝ ներկայի նախագահ Պարաք Օպամայի, փոխնախագահ Ճօ Պայտընի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի աջակցութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.