2009-05-19 13:38:39

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Փերուի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը`

Նորին Սրբութեան կոչը՝ բռնութիւններու եւ թմրեցուցիչի զոհերուն ի խնդիր։


Փերուի եպիսկոպոսները ներկայիս Հռոմ կը գտնուին կանոնական հնգամեայ այց կատարելու՝ Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Երկուշաբթի օրը անոնք համապատարագ մատուցին Ս. Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անոնց հետ ունեցած՝ հանդիպումին ընթացքին կոչ մը ուղղեց ի խնդիր բոլոր այն փեռուցիներուն որոնք թիրախ են թմրեցուցիչի ու բռնութիւններուն, ու նաեւ անոնց որոնք գործազուրկ են։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը խնդրեց եպիսկոպոսներէն որ ետ եկեղեցի բերեն բոլոր մոլորածները եւ աշխատին Եկեղեցւոյ միութեան համար։ Եկեղեցւոյ միութիւնը կը պահանջէ մշտատեւ բարենորոգում ու կատարելագործում, ունենալով որպէս նպատակ՝ ՜՜մարդոց ցոյց տալ եկեղեցւոյ ճշմարիտ դիմագիծը՝՝։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը մշակելու՝ հաղորդութեան ոգին եւ աշխուժացնելու միսիոնարական եռանդը։



Առաքելական ճամբորդութիւն` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յաջող ուխտագնացութիւնը Ս. Երկիր։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Ս. Երկիր 8 -15 Մայիս 2009. ունէր երկու կէտնպատակներ. ՜՜վերարծարծել երկխօսութիւնը միաստուածեան երեք կրօններու ՝ հրեայ, քրիստոնեայ եւ մահմետական կրօններու միջեւ, խաղաղութեան հաստատումին համար՝՝ եւ երկրորդ՝ ՜՜քաջալերել շրջանի քրիստոնեաները կառչած մնալու հողին՝՝։

Սրբազան Քահանայապետը ՝ կարողացաւ յաջողիլ իր այս դժուար ու բարդ առաքելութեան մէջ։ Այդ շրջանին մէջ, ուր ամէն բան քաղաքական է, Սրբազան հայրը սեղմ ու վճռական բառերով կրցաւ մատնանշել պատճառը ՜՜հրեայ-իսլամ ընդհարումին՝՝ փոխադարձ վստահութեան պակասը, ատելութիւնը, բռնութիւնը, ոխը եւ ահաբեկչութիւնը։

Նորին սրբութիւնը իր ճառերուն մէջ պաշտպանը հանդիսացաւ Պաղեստինի ժողովուրդին։ Յորդանանին մէջ, իր վճռական կամքը յայտնեց երկխօսութիւն հաստատելու՝ իսլամ կրօնքին հետ եւ միասնաբար պաշտպանը հանդիսանալու հասարակաց արժէքներուն։ Յորդանանէն Նորին Սրբութեան ակնարկը գնաց դէպի Իրաքի քրիստոնեաները որոնք զոհ են հալածանքի ու խտրականութեան։ Բեթղեհէմի, Նազարէթի ու Երուսաղէմի քրիստոնեաներէն խնդրեց որ քաջութիւնը ունենան մնալու՝ անտեղ, հակառակ դժուարութիւններուն, որովհետեւ իրենց դերը շատ կարեւոր է Ս. Երկրի ընկերութեան մէջ։ Հուսկ կարելի է հաստատել թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը եղաւ ՜՜խաղաղութեան ուխտագնացութիւն մը՝՝։ Ան Յիսուսի ետեւէն քալեց Բեթղեհէմէն սկսեալ մինչեւ թաղման տաճարը, անցնելով Յորդանանի գետէն եւ շատ անձնական խորհրդածութիւններ կատարելով Քրիստոսի անձին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.