Այսօրուան ծիսակատարութիւնը կը հրաւիրէ մեզ ապրելու Քրիստոսի մեծ պատուիրանը,
՜՜սիրոյ պատուիրանը՝՝։ Քրիստոս անձամբ ցոյց տուաւ մեզի ճանապարհը, սիրելով՝ բոլոր մարդիկը,
եւ նոյնիսկ իր կեանքը տուաւ բոլորիս համար, որպէսզի ամէնքս առատ կեանք ունենանք, եւ մեզ
դարձուց իր բարեկամները՝՝։ Ձեզի հետ միասին, այսօր, կ'ուզեմ գոհութիւն տալ Աստուծոյ Ս.
Երկրի ուխտագնացութեան համար։ Յառաջիկայ Չորեքշաբթի օրը, ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին
երկարօրէն պիտի անդրադառնամ առաքելական ճամբորդութեան։ Աղօթքս է որ Ս. Երկրի բնակիչները
կարենան ապրիլ սիրոյ այս պատուիրանը ու վերջապէս ճանչնան խաղաղութիւնը, ու եղբայրակցութեամբ
ապրին։ Թող Տէրը ամէնքդ օրհնէ՝՝։
Ապա Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց Սրի Լանքայի
այն քաղաքացիներուն որոնք կը գտնուին պատերազմական գօտիին մէջ։ Անոնք տասնեակ հազարաւոր
մանուկներ, կիներ ու ծերեր են, որոնք պատերազմի հետեւանքով կը կորսնցնեն իրենց կեանքն
ու յոյսը։ Կոչ կ'ուղղեմ պատերազմողներուն որպէսզի դիւրացնեն գաղթը՝ այդ անմեղ զոհերուն,
եւ կը խնդրեմ Միացեալ Ազգերու անվտանգութեան խորհուրդէն որ ճիգ չխնայեն զանոնք փրկելու
համար։ Ինչպէս նաեւ բարեսիրական հաստատութիւններէն եւ կաթողիկէ մարդասիրական կազմակերպութենէն
կը խնդրեմ որ ամէն ջանք թափեն փախստականներուն ապահովցնելու՝ հարկաւոր կերակուր, դեղ
եւ խնամք։ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին պաշտպանութիւնը կը հայցեմ որպէսզի օգնութեան հասնի
անոնց եւ Ամենակալ Տիրոջմէն կը հայցեմ որ արագացնէ հաշտութեան ու խաղաղութեան օրը։