2009-05-18 13:33:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութեան տպաւորութիւնները


Շատ արդիւնաբեր առաքելական ճամբորդութիւն մը։ Իսրայէլի նախագահ Շեմոն Բերէսին համար, այս ճամբորդութիւնը եղաւ ՜՜սիրտն ու հոգին յուզող ճամբորդութիւն մը՝՝։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Ս. Երկիր մեծապէս նպաստեց Վատիկանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու սերտացումին։ Սրբազան Քահանայապետը անվերապահօրէն դատապարտեց հակասեմականութիւնը եւ վերահաստատեց երկխօսութիւնը հրեայ ժողովուրդի եւ կաթողիկէ աշխարհին հետ։

Իր կարգին Ս. Երկրի լատին եկեղեցւոյ պատրիարքը՝ գերերջանիկ ֆուատ Թուալ ըսաւ ՜՜Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ձայնը լսելի է համայն աշխարհի մէջ եւ այժմ աւելի աղօթք եւ աւելի զօրակցութիւն կ'ակնկալենք բարի կամք ունեցող մարդոցմէ՝՝։

Ս. Երկրի պահակին համար՝ ֆրանչիսքեան հայր Բիցապելլայի համար Սրբազան Քահայանապետին ուխտագնացութիւնը շատ դրական եղաւ եւ Սրբազան Հայրը Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն մեծ ոյժ եւ յոյս ներշնչեց։ Իսկ միջկրօնական գետնի վրայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կրցաւ բացայայտօրէն խօսիլ թէ մահմետականներու եւ թէ հրեաներուն հետ։



Աշխարհ մը առանց պարիսպի եւ առանց բռնութեան։

Արդարեւ Քահանայապետին անմիջական գործակիցներուն եւ իր ուխտագնացութեան ընկերացողներու գնահատումով՝ ՜՜ճամբորդութեան հաշուեկշիռը շատ դրական եղաւ՝՝։

Վատիկանի պետական քարտուղար՝ կարտինալ Պերթոնէի համոզումով՝ ՜՜Սրբազան Քահանայապետին խօսքերն ու արտայայտութիւնները, մեզի համար եղան քաջալերանքի, յոյսի եւ երկխօսութեան օրինակ՝՝։ Նորին Սրբութիւնը յանուն սիրոյ խօսեցաւ. մահմետական, հրեայ ու քրիստոնեայ բնակիչներու հետ ըսելով . ՜՜մենք ամէնքս կ'ուզենք կերտել աշխարհ մը առանց պարիսպներու ու առանց բռնութեան եւ կ՝ուզենք պատրաստել ապագայ մը՝ հիմնուած խաղաղութեան ու անդորրութեան վրայ՝՝։ Քահանայապետին բանբերը յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմբարտի իր կարգին ըսաւ ՜՜Սրբազան Քահանայապետին ճամբորդութիւնը եղաւ քաջութեան ու յոյսի ճամբորդութիւն մը։ Սրբազան Հօր ճառերը եղան միշտ շատ հաւասարակշիռ եւ հետեւաբար բոլորին կողմէ ընդունելի ու յարգուած։ Հռոմի Պապի պատգամը եղաւ խաղաղութեան պատգամ մը. խաղաղութիւն՝ պետութիւններու միջեւ, խաղաղութիւն՝ տարբեր կրօններու միջեւ, խաղաղութիւն՝ կաթողիկէ համայնքներու եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.