2009-05-18 12:17:09

Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ 18


Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ 18



Աւետաբեր հրեշտակին

հետ կ'ողջունենք բերկրագին

ողջոյն ով Կոյս գեղանի

երկնի, երկրի թագուհի



Ով վերապանծ Տիրուհի

յարգալից թող խոնարհի

ոտքիդ առջեւ կաթոգին

ըզքեզ սիրող կուսութեան



աջովըդ սուրբ երկնաձիր

մեր սրտին մէջ տնկեցիր

երկնի փառաց գրաւական

սէրը չքնաղ կուսութեան



տուր որ պահենք յարաժամ

այս սուրբ ծաղիկն անթառամ

որով ըլլանք Յիսուսի

սիրոյն, փառաց արժանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.