2009-05-18 07:58:42

Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 17 մայիս Յինանց 6.րդ կիրակինն է

ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն գլուխ 9, 1-10 համարները։


Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 17 մայիս Յինանց 6.րդ կիրակինն է

ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն գլուխ 9, 1-10 համարները։



ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ

Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, ան, որ ոչխարներու փարախը մտնելու համար դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ մը մուտք կը գործէ՝ գող է ան եւ աւազակ։

Մինչ ա՛ն է ոչխարներուն հովիւը, որ դռնէն կը մտնէ։

Դռնապանը՝ անոր կը բանայ եւ ոչխարները անոր ձայնին կը լսեն։ Ան՝ իրենց անուններով կը կանչէ ոչխարները եւ այնպէս դուրս կը հանէ ատոնք։

Արդ, իր բոլոր (ոչխար)ները դուրս հանելէ ետք, ինք (անձամբ) կերթայ անոնց առջեւէն եւ անոր կը հետեւին ոչխարները, որովհետեւ անո՛ր ձայնը կը ճանչնան անոնք։

Պիտի չերթա՛ն օտարի մը ետեւէն, այլ պիտի փախչի՛ն անկէ, որովհետեւ օտարներու ձա՛յնը չեն ճանչնար անոնք։ Յիսուս այս առակը պատմեց անոնց, բայց անոնք չհասկցան, թէ այդ խօսքերով ինչ կ'ուզէր ըսել անոնց։ Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, որ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։ Բոլոր անոնք, որ ինծմէ առաջ եկան՝ անոնք գողեր էին եւ աւազակ, բայց ոչխարները մտիկ չըրի՛ն անոնց։

Ե՛ս եմ դուռը, եթէ ինձմէ՛ ներս մտնէ մէկը՝ պիտի փրկուի պիտի մտնէ, պիտի ելլէ եւ ճարակ պիտի գտնէ։ Գողը չի գար, եթէ ոչ անոր համար, որ գողնայ, սպաննէ եւ կորուստի մատնէ, մինչ ես եկայ, որ կեանքը ունենան եւ աւելիով ունենան։

Ես եմ քաջ հովիւը, քաջ հովիւը՝ իր կեանքն ալ կը զոհէ ոչխարներուն համար։

Մինչ վարձկանը՝ որ հովիւ չէ եւ իրենը չեն ոչխարները, երբ գայլը տեսնէ, որ կու այ, հո՛ն կը թողու ոչխարները, կը փախչի եւ գայլը կը յափշտակէ անոնք, ու կը ցրուէ,

քանի որ վարձկան է եւ հոգ չը՛ներ ոչխարներուն համար։ Ե՛ս եմ քաջ հովիւը, ես կը ճանչնամ անոնք, որ իմս են եւ անոնք ալ կը ճանչնան զիս։ Ինչպէս որ Հայրը կը ճանչնայ զիս, ես ալ այնպէս կը ճանչնամ Հայրը եւ իմ կեանքս կը զոհեմ ոչխարներուն համար։

Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս փարախէն չեն, (սակայն) անոնք ալ հոս պէտք է բերեմ, (անոնք ալ) պիտի լսեն իմ ձայնիս, ու մէկ հօտ պիտի ըլլան եւ մէկ հովիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.