2009-05-18 07:57:32

Լուրեր մայր հայրենիքէն։


Լուրեր մայր հայրենիքէն։

Հայաստանի Հիւլէական Նոր Կայանը Պիտի Կառուցեն Ամերիկացիները։

Հայաստանի հիւլէական նոր կայանը կառուցելու համար շինարարական աճուրդին ներկայացած էին միայն երկու ընկերութիւններ, եւ երկուքն ալ ամերիկեան(յայտնած է Հայաստանի պետական գնումներու գործակալութեան մամուլի պատասխանատու Վասակ Թարփոշեան)։ Այսպէս չկայ այն մտավախութիւնը, որ թրքական շինարարական ընկերութիւն մը կրնայ ստանձնել ռազմավարական արժէք ներկայացնող գործարանի կառուցումը։Թարփոշեան տակաւին կանուխ կը նկատէ երկու ամերիկեան ընկերութիւններու անուններու հրապարակումը։ Աճուրդին յաղթողին անունը պիտի հրապարակուի Մայիս 5ին։ Նշենք, որ նոր հիւլէակայանի կառուցումը պիտի իրականացուի Եւրոմիութեան օժանդակութեամբ։



Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Է Հայաստանի Պատմական Մայրաքաղաքներ Շարքին ՝՝ՎԱՆ՝՝ Դրոշմաթուղթը ։ԵՐԵՒԱՆ - ՝՝Հայփոստ՝՝ առաքման ընկերութեան՝ թիւ 10 բաժանմունքին մէջ ,Ապրիլ 28ին բացուեցաւ դրոշմաթուղթերու եւ նամականիշերու ՝՝Ֆիլատելիստական անկիւն՝՝ անունով խանութ-սրահը, ուր ներկայացուեցան 1992 թուականէն հրատարակուած դրոշմաթուղթերու հաւաքածոներ, բացիկներ եւ այլ իրեր։ Բացման ներկայ էր Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան, ՝՝Հայփոստ՝՝ առաքման ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արման Խաչատուրեան եւ Հայաստանի ֆիլատելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան։ Սոյն առիթով կատարուեցաւ յատուկ արարողութիւն մը, որուն ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Հայաստանի պատմական մայրաքաղաքներ խորագիրով հրատարակուած դրոշմաթուղթերու շարքէն ՝՝Վան՝՝ դրոշմաթուղթը 30,000 տպաքանակով եւ 220 դրամ անուանական արժէքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.