2009-05-18 13:34:26

Լուրեր հայ աշխարհէն

Շնորհահանդէս Սփիւռքի նախարարութեան Հայերը այսօր ելեկտրոնային պարբերականին


Ուրբաթ 15 մայիս 2009ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ‘’Հայերը այսօր’’ ելեկտրոնային պարբերականի (wwwhayernaysoram) շնորհահանդէսը ։ Այս պարբերականը պիտի փորձէ պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն այսօր հայերը ինչպէ՞ս են, ի՞նչ հոգեր եւ խնդիրներ ունին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։ Թերթին մէջ լայնօրէն պիտի լուսաբանուին Սփիւռքի մշակութային, քաղաքական, տնտեսական իրադարձութիւնները, եւ պիտի ներկայացուին սփիւռքահայութեան ձեռքբերումներն ու առօրեայ հարցերը։ Շնորհահանդէսին ներկայ էին նաեւ Փիւնիկ մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան եւ խորհուրդի նախագահ դոկտ Լեւոն Սարգսեան։



Պզտիկ-Մզտիկի Եկէ՛ք շարադրենք մրցումը



Հովանաւորութեամբ ՜՜Սօսի՝՝ յիշատակի ֆոնտին եւ կազմակերպութեամբ Ազդակի մանկապատանեկան յաւելուած Պզտիկ-Մզտիկի խմբագրական կազմին, կիրակի, 17 մայիս 2009-ին, Պէյրութի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ 6-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Եկէ՛ք շարադրենք մրցումը։

Այս տարի 19 հայկական վարժարաններէ 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու շուրջ 300 աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին մրցումին։ Մասնակցող վարժարաններն էին՝ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ Գէորգ Հարպոյեան վարժարանները, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու Հռիփսիմեանց եւ Սրբուհի Ագնէս վարժարանները, Հայ աւետարանական Թորոսեան, Կերթմենեան ,Շամլեան-Թաթիկեան Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարաններն ու քոլեճը, Ազգ Եղիշէ Մանուկեան ,Աբգարեան , Յառաջ-Գ Կիւլպենկեան, Ռուբինեան Աքսոր Գասարճեան , Քառասնից Մանկանց, Խանամիրեան , Թէքէեան ու Կարմիրեան վարժարաները։

Պզտիկ-Մզտիկի խմբագրական կազմին անունով Սրբուկ Ճենանեան բարի գալուստ մաղթեց ապա իւրաքանչիւր դասարանի մասնակցող աշակերտ զատեց իր նախասիրած մէկ նիւթը։ Նիւթերը նկարագրական, ազգային, երեւակայական նիւթերով էին։

Արդարեւ, խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ մրցումը, որուն աւարտին առնուեցան խմբական նկարներ եւ աշակերտներուն յանձնուեցան յիշատակի նուէրներ։Մրցումին արդիւնքները կարելի պիտի ըլլայ տեսնել ՜՜Պզտիկ-Մզտիկի՝՝ յունիս ամսուան թիւին մէջ, ուր պիտի նշուի նաեւ մրցանակները ստանալու թուականը։



Լոյս տեսած է Յովհաննէս Թումանեանի 12 հեքիաթները հատորը արեւմտահայերէնով (Հալէպ 2009)

Գիրքը՝ 5-12 տարեկան հայ բոլոր երեխաներուն համար կը դառնայ յանձնարարելի թանկագին հատոր մը, այնտեղ ուր կը տիրապէ հայախօս ու տոհմաշունչ մթնոլորտ մը եւ երեխաները դէպի ԳԻՐՔԻ ՍԷՐ մղող ծնողական գիտակցութիւն մը։

Հալէպի Կիլիկիա հրատարակչատան նորագոյն հրատարակութիւնն է ՜՜սոյն հատորը՝՝ որ կը զուգադիպի Թումանեանի ծննդեան 140-ամեակին։ Հատորը ամբողջովին գունազարդ է, լի է խօսուն ու գրաւիչ պատկերներով, ունի տոկուն ամրակազմ կողք, շարուած է մանուկներու համար ակնահաճոյ տառատեսակով, եւ ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, Թումանեանը կը խօսեցնէ արեւմտահայերէնով։

Անիկա նաեւ բազմաթիւ ամիսներ տեւած հաւաքական գործակցութեան մը պտուղն է պոլսահայ հանրածանօթ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի (որ կատարած է բնագիրներու արեւմտահայերէնի վերածումը), հալէպահայ արուեստագէտ Յակոբ Տոլմաճեանի (որ նկարազարդած է հեքիաթները) ու հատորին հրատարակիչ՝ Մաթիկ Էպլիղաթեանի, որ յաջողապէս համակարգած է այս ծրագրին առնչուող ենթադրեալ բոլոր աշխատանքները եւ յանգած՝ շատ պատուաբեր արդիւնքի մը։

Թումանեանի հեքիաթները, հինէն ի վեր, միշտ ալ ընթերցումի փնտռուած նիւթեր եղած են մանուկներուն համար։ Ատոնք բազմիցս վերահրատարակուած են ու՝ սպառած, ԺԹ դարու վերջերէն մինչեւ այսօր՝ իրերայաջորդ մատաղատի բոլո՛ր սերունդներուն վրայ ձգելով դաստիարակիչ ու խրատատու տպաւորութիւն։ Թումանեանի հեքիաթներուն նորատիպ շարքը լիովին կը գոհացնէ դարուն գեղագիտական պահանջը։ Կը քալէ ժամանակին հետ։

Շարքը կընդգրկէ մեծանուն լոռեցիէն՝ Թումանեանէն հետեւեալ 12 հեքիաթները ՜՜Քաջ Նազար, Կաթիլ մը մեղր, Անբախտ վաճառականներ, Փարւանա, Շունն ու կատուն, Անխելք մարդը, Ոսկիի կարասը, Բարեկենդանը, Տէրն ու ծառան, Խօսող ձուկը, Զուարճացողին զուարճութիւն չի պակսիր, աշխատողին՝ աշխատանք եւ Աղաւնիներու վանքը՝՝։ Իւրաքանչիւր հեքիաթ կը բաղկանայ 12 էջերէ։ Բոլորն ալ հեղինակին կողմէ գրի առնուած են 1886-1912 շրջանին։









 








All the contents on this site are copyrighted ©.