2009-05-18 13:22:33

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՆԱՅԻՐԻՏԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ 4 ԱնՁԵՐ ԶՈՀՈՒԱԾ։ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԷՊՔԻՆ ՎԱՅՐԸ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ ուրբաթ օր այցելած է Նայիրիտ քիմիական գործարանը։ Նախագահին ուղեկցած են ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, առողջապահութեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարները, Երեւանի քաղաքապետը եւ այլ պաշտօնատարներ։ Նախագահը շրջած է գործարանին մէջ եւ ծանօթացած է անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած արկածի հանգամանքներուն։ Նշենք որ պայթումին պատճառով Նայիրիտ գործարանին մէջ զոհուած են չորս հոգի։ Ս. Սարգսեանին զեկուցած են, որ աշխատանքներ կը տարուին պայթումին եւ անոր պատճառով գործարանին մէջ բռնկուած հրդեհին պատճառները պարզելու ուղղութեամբ։ Նախագահը կարեւոր նկատած է արկածի պատճառներու բացայայտումը,հետագային նման դէպքեր թոյլ չտալու համար։ Սերժ Սարգսեան ցաւակցութիւն յայտնած է արկածին պատճառով գործարանի զոհուած եւ վիրաւորուած պաշտօնեաներու ընտանիքներուն եւ յայտարարած է, որ այդ աղէտէն պէտք է լուրջ հետեւութիւններ կատարել։ ՝՝Կը կարծեմ, որ այս աղէտը անգամ մը եւս ահազանգ պէտք է ըլլայ հանրապետութեան այլ ձեռնարկութիւններու ղեկավարներուն ու նաեւ սեփականատէրերուն համար՝՝ (ընդծած է նախագահը)։

ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՆԱՄԱԿԸ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղղած է նամակ մը, որուն մէջ վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու

պատրաստակամութիւնը հետեւողականօրէն զօրավիգ կանգնելու ինչպէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորման, նոյնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող միջնորդական աշխատանքներուն։



ԸՍՏ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԱՆԻ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՊԱՔՈՒԻ ԵԼՈՅԹԷՆ ԵՏՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ԴԱԴՐԵՑՆԷ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյանի կարծիքով,Թուրքիոյ Վարչապետ Ռէճէփ Թայիփ Էրտողանի Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութեանց լոյսին տակ ՝՝Հայաստան մի անգամ ընդմիշտ պէտք է ըսէ որ նման խաղեր այլեւս հանդուրժելի չեն եւ թէ Հայաստանը պէտք է դադրեցնէ բանակցութիւնները՝՝։ Նշենք որ Էրտողան Պաքուի մէջ յայտարարած էր թէ հայ-թրքական սահմանները չեն բացուիր մինչեւ որ Ղարաբաղի հարցը չըլուծուի Ատրպէյճանի նախատեսած ձեւով։Ըստ Մանոյանի մինչեւ այսօր հայ-թրքական յարաբերութիւններէն Հայաստան ոչ մէկ շահ արձանագրած է։

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՝՝ԹԵԼԵԹՈՆ 2009-Ի՝՝ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԹԱՓ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հիմնադրամի այս տարուայ թէլէթոնի նախապատրաստութեան աշխատանքները նոր թափ կը ստանան։Թելեթոնը տեղի կ՝ունենայ Կիրակի Մայիս 31-ին։ Որպէսզի աշխատանքները աւելի հեզասահ ընթանան Մարտ 2009ին գրասենեակի պատասխանատու եւ գործավար նշանակուած էր Շուշիկ Աւագեան-Քէօրեղլեանը։ Հայ Դատի առաջին դրամահաւաքը տեղի ունեցաւ 2006 թուականի Մայիսին։ Այդ դրամահաւաքին մասնակցած էին 10հազարէ աւելի նուիրատուներ եւ ուր գոյացած էր 3 միլիոն տոլար։ Այս յատկանշական ձեռք բերումի շնորհիւ Հայ Դատը կարողացաւ սեփականացնել իր կեդրոնական գրասենեակներու շէնքը մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ եւ շարունակել իր անձնուէր աշխատանքները Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ Դատի լուծման աշխատանքներու ծիրէն ներս։ Դրամահաւաքի գրասենեակի պատասխանատու Շուշիկ Աւագեան-Քէօրեղլեան կը տեղեկացնէ որ դրամահաւաքի պատրաստութեան ու այս ուղղութեամբ գաղութիւն հետ հաղորդակցելու աշխատանքներու ծիրէն ներս արդէն իրագործուած են կարգ մը աշխատանքներ,ինչպէս ստեղծուած է դրամահաւաքի կայքէջ ը ՝՝/a> ՝՝ ։ Այցելելով այս կայքէջը կարելի է ծանօթանալ ընթացիկ աշխատանքներուն ու նաեւ կատարել նուիրատուութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.