2009-05-16 12:27:51

Լուրեր Հայկական կեանքէն

Կռունկ երգչախումբի ելոյթը Պէյրութի մէջ


Հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ու Քասլիքի Ս Հոգի համալսարանի երաժշտութեան ամպիոնի տնօրէնութեան, ուրբաթ, 15 մայիս 2009ին, Քասլիքի Ս Հոգի համալսարանի ՅՊԲ.ի անուան ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Կռունկ երգչախումբի բազմալեզու համերգը՝ ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստասէրներու։ Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ս Հոգի համալսարանի պատասխանատուներէն Քլոտ Աշքար, որ նշեց, թէ Կռունկ երգչախումբը կառաջնորդուի կռունկ թռչնատեսակի հասկացողութեամբ՝ հանրութեան տարածելով երգարուեստն ու ի մասնաւորի հայ երգը։Բացման խօսքէն ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Ս Հոգի համալսարանի տնօրէն հայր Հետի Մահֆուզ, որ բարձրօրէն գնահատելով հայութեան ներդրումը մարդկային ընկերութեան մէջ, շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին կրցած է պահպանել իր արժէքներն ու մշակութային հարստութիւնը։ Մահֆուզ նաեւ իր գնահատական խօսքը փոխանցեց Կռունկ երգչախումբի խմբավարին եւ անդամներուն, որոնք արուեստի ընդմէջէն մարդոց կը փոխանցեն յստակ պատգամներ։ Ապա բեմ բարձրացաւ Կռունկ երգչախումբը, որուն խմբավարն է դոկտ Եդուարդ Թորիկեան։ Խումբին դաշնակով կընկերակցէր Թամար Գասապեան։

Երգչախումբը ներկայացուց հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով 14 ստեղծագործութիւններ։ Ներկայացուած ստեղծագործութիւններէն հարկ է նշել Կապոյտ մանուշակը, Նիւ Եորքը, Կրանատան եւ այլն։ Հանդիսութեան աւարտին խմբավար Եդուարդ Թորիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ձեռնարկին յաջողութեան։



315 աշակերտներու մասնակցութիւնը ՜՜Եկէք շարադրենք՝՝ին։

Հայկական յարանուանական եւ միութենական վարժարաններէն 315 աշակերտներ կը համախմբուին Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ՝ մասնակցելու համար Պզտիկ-մզտիկի կազմակերպած Եկէ՛ք շարադրենք մրցանքին։



Պերլինի միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսի կայքին վրայ տեղադրուած է Արցախեան էջ։  

Նոր կայքէջը կը ներառէ տեղեկատուութիւն Լեռնային Ղարաբաղի տեսարժան վայրերուն, պատմա-ճարտարապետական յուշարձաններուն եւ հոգեւոր արժէքներուն մասին:  Նշենք, որ 2009ի Մարտ ամսոյն Պերլինի մէջ կայացած Միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին ընթացքին ԼՂ հանրապետութիւնը ներկայացած էր առանձին տաղաւարով, ինչ որ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր այցելուներուն մօտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.