2009-05-15 12:48:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Սուրբ Երկիր 8-15 Մայիս 2009. այցելութիւն Յիսուսի թաղման տաճար


Նորին Սրբութեան ուխտագնացութեան 8-րդ եւ վերջին օրը` նուիրուած է Յիսուսի թաղման տաճարի այցելութեան, ապա հանդիպում՝ յոյն օրթոտոքս պատրիարքին եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատարիարքին հետ, հուսկ ողջերթի արարողութիւն եւ մեկնում դէպի Հռոմ։



Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնը փակելէ առաջ, Ուրբաթ 15 Մայիս 2009-ին, առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելեց Յիսուսի թաղման տաճարը եւ ապա այցելութիւն կատարեց Յոյն օրթոտոքս եւ Հայ առաքելական եկեղեցիներու պատրիարքներուն, պատասխանատուները՝ լատին Եկեղեցւոյ հետ միասին, Քրիստոսի թաղման տաճարին։

Առանձնական պատարագը մատուցելէ ետք առաքելական դեսպանատան մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ժամը 9.15ին համամիութենական հանդիպում ունեցաւ յոյն օրթոտոքս պատրիարքութեան մէջ։

Ս. Երկրի զանազան ներակայացուցիչներու առջեւ, Նորին սրբութիւնը իր արտասանած խօսքին մէջ դարձեալ ընդգծեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը եկեղեցիներու միութեան ի խնդիր։ Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ գոյացող՝ աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբին համար, եւ ցայժմ կատարուած յառաջդիմութիւններուն համար։ Սրբազան Հայրը մատնանշեց սերտ կապը որ կայ ՜՜եկեղեցւոյ միութեան ու առաքելութեան՝՝ միջեւ։ Երուսաղէմի քրիստոնեաները (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ.) կանչուած են միասնաբար եւ համերաշխօրէն համագործակցելու՝ որպէսզի իրենց հաւատքի վկայութիւնը ըլլայ ՜՜հաւաստի՝՝։

Յայտնենք թէ՝ յոյն օրթոտոքս համայնքը կը հաշուէ շուրջ քառասուն հազար հաւատացեալ Իսրայէլի մէջ, մինչ Յորդանանի մէջ անոնց թիւը շուրջ քսան հազար է։

Նորին Սրբութիւնը պաշտօնապէս առաջնորդուեցաւ Ս. Թաղման տաճարը պահ մը աղօթելու։ Լատիններու պատրիարքին ուղերձէն ետք Նորին սրբութիւնը իր ճառին մէջ խօսեցաւ քրիստոնէական յոյսի մասին, ՜՜Քրիստոսի Մահուան եւ Յարութեան խորհուրդը՝՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, աշխարհի պատմութիւնը յեղաշրջեց։ Այլեւս չարը եւ մահը վերջին խօսքը չունին։ Սէրը կը յաղթանակէ մահուան վրայ եւ մարդկութեան ապագան Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ է՝՝։ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ Երուսաղէմի քրիստոնեաները դիտելու՝ Քրիստոսի պայծառ ու լուսաւոր դէմքը, քաջութեամբ քարոզելու Աստուծոյ յաղթանակը ու անոր հաշտարար սիրոյ զօրութիւնը։ Ապա իր խօսքը ուղղելով կղերին, Սրբազան Հայրը իւրաքանչիւր եկեղեցականէն կը խնդրէ ըլլալու ՜՜վկան միութեան ու խաղաղութեան՝՝ բոլոր անոնց որոնք կ'ապրին այս սուրբ քաղաքին մէջ քաջալերելով զանոնք ըլլալու՝ ՜՜պատգամաբերները հաշտութեան ու խաղաղութեան՝՝։

Շուրջ 45 վայրկեան մնալէ ետք Ս. Թաղման տաճարը, Նորին Սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ հայ առաքելական պատրիարքարանի Ս, Յակոբ եկեղեցին։ Հոս եւս Նորին Սրբութիւնը խօսք մը արտասանեց վեր առնելով հայ առաքելական եկեղեցւոյ հարուստ պատմութիւնն ու մշակոյթը։ Ողջունեց 90-ամեայ գերերջանիկ Թորգոմ Մանուկեան պատրիարքը, եւ, վերակոչեց բարի յարաբերութիւնները կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ յիշեցուց իր անցեալ տարուան հանդիպումները՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հետ։ Սրբազան հայրը յիշեց նաեւ Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ բերած սատարը՝ աստուածաբանական երկխօսութեան խառն յանձնախումբին մէջ եւ մասնաւորապէս՝ վերջին հրատարակուած վաւերաթուղթը ՜՜Եկեղեցւոյ բնութեան ու առաքելութեան՝՝ մասին։ Սրբազան հայրը նաեւ ընդգծեց Հայ եկեղեցւոյ ունեցած մեծ դերը քրիստոնէութեան արշալոյսին, անոր վանական ծաղկումը Ս. Երկրին մէջ եւ ծիսական մեծ աւանդութիւնը։ Աղօթքս է, որ Երուսաղէմի հայ համայնքը կարողանայ հաղորդակից դարձնել ձեր ազգային հոգեւոր հարստութիւնը այլ համայնքներուն։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը խնդրեց որ աղօթեն իր հետ, որպէսզի Ս. Երկրի բոլոր քրիստոնեաները միասնաբար վեհանձնութեամբ ու եռանդով աշխատին Աւետարանի քարոզութեան համար։

Յայտնենք թէ Ս. Երկրի հայերը կը հաշուեն շուրջ 20.000 հաւատացեալ։ Նշենք նաեւ որ Յորդանանի եւ Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւորն է Գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեան։

Ժամը 13.30-ին Թել Ավիվի Պեն Կորիոն միջազգային օդակայանի մէջ, տեղի ունեցաւ ողջերթի արարողութիւնը մասնակցութեամբ՝ Իսրայէլի նախագահին եւ վարչապետին, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու եկեղեցական բաձրաստիճան իշխանութիւններուն։















 








All the contents on this site are copyrighted ©.