2009-05-15 13:17:48

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային ԴԷպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային ԴԷպքերուն։

ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։ Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարեց, որ Ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին միջամտելու՝՝Թուրքիոյ փորձերը կրնան այդ գործընթացին վնաս հասցնել՝՝։ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ Բրիտանիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Պրայըն Ֆոլին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման ուղիները, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններն ու Ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացը։ Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախանցեալ օր Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն, նախարար Նալբանդեան նշեց, որ եթէ Թուրքիա ուզէ օգնել Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման, ապա ատոր ամէնէն ճիշդ ձեւը պիտի ըլլայ ընդհանրապէս ՝՝չխառնուիլ այդ տագնապի լուծման գործընթացին՝՝։

ՄԵՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆ Է ԸԼԼԱԼ ԱՆԿԱՇԱՌ, ՔԱՋ ԵՒ ՎՍՏԱՀ ԿԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան վստահութիւն յայտնեց, որ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին պիտի ըլլան ճնշումներ, խարդախութիւն, բայց պաշտօնեան պէտք է հասկնայ, որ ոչ թէ ժողովուրդը իրմէ կախեալ է, այլ ինք՝ ժողովուրդէն։

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՄԱՍՆԱՇԷՆՔԻ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գիտական նոր մասնաշէնքի հիմնարկէքի արարողութեան։ Շինարարական աշխատանքին մէջ իր ներդրումը պիտի ունենայ հայ յայտնի գործարար, Մոսկուայի Մոն Արխ ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Սերկէյ Համբարձումեան։ Ան առաջիններէն մէկն է, որ արձագանգած է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու՝ նախագահ Սարգսեանի կոչին։ Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան, կարեւոր նկատելով այն փաստը, որ գիտահետազօտական հիմնարկի նոր մասնաշէնքին հիմնարկէքը կը կատարուի հաստատութեան հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով, ըսած է ՝՝Անիկա կը վկայէ, որ մեր մէջ կենդանի է եւ արթուն տեւողականութեան, շարունակականութեան, ժառանգականութեան կամքը, առանց որուն ամէն մէկ ժողովուրդ կորուստի դատապարտուած է։ Անիկա վկայութիւնն է մեր ժողովուրդի արարչագործ ձիրքին, կենսասիրութեան եւ իմաստութեան՝՝։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀԸ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէն։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախեան տագնապի լուծման առնչուող հարցերուն։ Զրուցակիցները նաեւ միտքեր փոխանակեցին շրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ։

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ 9-16 ՕԳՈՍՏՈՍ։ Հայրենի Ազգ օրթերթէն կը տեղեկանանք որ նախանցեալ օր Անի Փլազա պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի գործադիր կոմիտէի նիստին ընթացքին որոշուած է, որ 9-16 Օգոստոս Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան Համահայկական Խաղերու ծրագիրով ֆութպոլի եւ Պասքեթպոլի մրցումներ։ Նիստին բացումը կատարելով Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ, Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Արմէն Գրիգորեան համառօտ կերպով անդրադարձած է խաղերու պատմութեան։

ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐ ՆԱՅԻՐԻՏԻ ՄԷՋ ։Երէկ պայթումներ արձանագրուեցան Երեւանի Նայիրիտ քիմիական գործարանին մէջ։ Հայաստանի հանրային ռատիոյին համաձայն, երէկ երեկոյեան վերջին տուեալները ցոյց տուին, որ կան երկու զոհեր։ Շտապ օգնութեան աւագ բժիշկ Գէորգեան Ռատիոլուրին ըսած է որ կայ մէկ վիրաւոր։ Վիրաւորը դէմքի թեթեւ այրուածքներ ստացած է եւ իր վէրքը բուժելու համար տեղափոխուած է Էրեբունի հիւանդանոցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.